Որոնել

2023.05.19 Turchia aya sofia

Թուրքիան կը սահմանափակէ Քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները

Կառավարութիւնը կը շարունակէ չճանչնալ ոչ իսլամական փոքրամասնութիւններու ղեկավարութիւն կամ վարչական կառոյցները, ինչպիսիք են Կոստանդնուպոլսոյ հայ առաքելական պատրիարքարանը, Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքարանը եւ գլխաւոր ռապինաթը՝ որպէս իրաւաբանական անձինք, ինչը անոնց թոյլ չի տար գնել կամ սեփականութեան իրաւունք ունենալ կամ դատարանէն ներս պահանջներ ներկայացնել:
Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի՝ 2022 թուականի միջազգային կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցը, ուր ներկայացուած են տարբեր երկիրներու կրօնական ազատութեան մակարդակը եւ առկայ խնդիրները։

Այսպէս, Թուրքիոյ վերաբերող զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ հակառակ որ երկրի սահմանադրութեամբ կ'արգիլուի կրօնի խտրականութիւնը, կառավարութիւնը կը շարունակէ սահմանափակել իսլամական եւ ոչ իսլամական կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, յատկապէս անոնց, որոնք ճանաչցուած չեն 1923 թուականի Լոզանի համաձայնագրի՝ կառավարութեան մեկնաբանութեամբ, որ միայն կը ներառէ Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետեւորդները, հրեաները եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետեւորդները։

Կառավարութիւնը կը շարունակէ չճանչնալ ոչ իսլամական փոքրամասնութիւններու ղեկավարութիւն կամ վարչական կառոյցները, ինչպիսիք են Կոստանդնուպոլսոյ հայ առաքելական պատրիարքարանը, Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքարանը եւ գլխաւոր ռապինաթը՝ որպէս իրաւաբանական անձինք, ինչը անոնց թոյլ չի տար գնել կամ սեփականութեան իրաւունք ունենալ կամ դատարանէն ներս պահանջներ ներկայացնել:

Յղում ընով Jerusalem Post-ին՝ նշուած է, որ յունուարին թրքական իշխանամէտ լրատուամիջոցները յօդուած հրապարակած են, ուր նշուած է, որ «հրէական ազդեցութիւն» ներգրաւուած  եղած է «հայերու տեղահանութեան» մէջ՝ յղում ընելով Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան:

Մարտին դատարանը արդարացուցած է երեք տղամարդ, որոնք կը մեղադրուէին 2021 թուականին «կրօնական արժէքները վիրաւորելու» մէջ, երբ անոնք տեսանկարահանած են իրենց Իսթանպուլի հայկական եկեղեցւոյ դարպասներու վրայ պարելու եւ անոր վրայ գտնուող խաչը վնասելու ժամանակ։

Ապրիլին «Ակօս»-ի սիւնակագիրն անդրադարձած է Իսթանպուլի Պոմոնթի Մխիթարեան հայկական դպրոցի դարպասի վրայ գծուած նացիական «սուասթիքա» եւ նշած Հոլոքոսթի եւ պատմութեան ընթացքին իրականացուած այլ ցեղասպանութիւններու մասին կրթութեան բարելաւման անհրաժեշտութեան մասին:

Աղբիւրը` Արեւելք

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2023, 07:56