Քենիոյ մէջ «Շաքահոլայի Ջարդ»-ի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 226-ի
Քենիոյ իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ Քենիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Շաքահոլա անտառին մէջ գործուած «Շաքահոլայի ջարդ»-ի զոհերուն թիւը բարձրացած է 226-ի, երբ յաւելեալ 15 դիակներ յայտնաբերուած են: Նշեալ շրջանին մէջ կը գտնուէր կեդրոնատեղին աղանդի մը, որուն ղեկավարը իր հետեւորդներուն կոչ ուղղած էր` «Յիսուսին հանդիպելու համար» ծոմապահութիւն կատարելու: Ան իր աղանդի անդամները համոզած է, որ աւելի արագ դրախտ կը հասնին, եթէ սովամահ ըլլան:
Ոստիկանութեան կարծիքով` ծովեզերեայ Մալինտի քաղաքին մօտ յայտնաբերուած դիակներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի խմբաւորման անդամներուն Փոլ Մքենզի Նթենկէի, որ նախապէս հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժի վարորդ էր, եւ հետագային ինքզինք հռչակած էր իր հիմնադրած «Կուտ Նիուզ» (Աւետիս, «Ա.») եկեղեցիի պատուելի:
Մինչեւ հիմա 112 դիակներու դիազննումէն ի յայտ եկած է, որ անոնց մեծամասնութիւնը սովէն մահացած են, իսկ կարգ մը զոհեր, ներառեալ երեխաներ, խեղդամահ եղած են կամ ծեծի ենթարկուած: Քրէական հետաքննութեան տնօրէնութեան համաձայն, ի յայտ եկած է, որ դիակներէն կը պակսին մարմինի գործարաններ, եւ տեղի ունեցած է մարդկային գործարաններու առեւտուր` շարք մը ազդեցիկ կողմերու մեղսակցութեամբ:
Անցեալ շաբաթ օր շրջանի կառավարիչ Ռոտա Օնենշա յայտնեց, որ մինչեւ հիմա այս գործով ձերբակալուած են 26 անձեր, ներառեալ Փոլ Մքենզի Նթենկէն եւ «հետեւորդներէ կազմուած աւազակախումբ մը», որուն պարտականութիւնը հսկելն էր, որ ծոմապահութիւն կատարողներէն ոչ ոք բան մը ուտէ կամ անտառէն փախուստ տայ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ