Երեւան եւ Պաքու մօտեցուցին իրենց դիրքորոշումները. Լաւրով
19 Մայիսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպումը, որմէ առաջ Լաւրովի հետ անջատ տեսակցութիւններ տեղի ունեցան Միրզոյեանը եւ Պայրամովը։
Եռակողմ հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ Լաւրով յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի շարք մը յօդուածներով կարելի եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հայեացքները մօտեցնել։
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ առաջադրանքն էր հարթակ տրամադրել երկկողմանի հանդիպման համար։ «Մենք ներկայացուցինք մեր մօտեցումները: Յոյսով ենք, որ այս միջոցառումը թոյլ կու տայ հասնիլ գործնական արդիւնքներու։ Մենք պիտի շարունակենք նպաստել յառաջընթացին՝ աջակցելով, որ լիարժէք իրականացուին ցարդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթները»։
Ան շեշտեց, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան հաստատեցին, որ առանց Արցախի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ապահովութեան երաշխաւորման ու իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման, դժուար է յառաջ շարժիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի որոշ կէտերու մէջ։
«Քննարկման առանձին նիւթ էր խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Ատոր ուղղութեամբ կողմերը սկսած են աշխատիլ, եւ անիկա այժմ աշխուժօրէն կը քննարկուի նաեւ այլ միջնորդներու ներգրաւումով։ Ինչպէս գիտէք, հայ եւ ատրպէյճանցի նախարարները մեկնած են Ուաշինկթըն, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները մէկ շաբաթ առաջ եղած են Պրիւքսէլի մէջ։ Խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքը, անկասկած, հիմնարար է։ Սակայն մեր գործընկերները այսօր հաստատեցին, որ առանց սահմանազատման, փոխադրական եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, առանց Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ անվտանգութեան ապահովման եւ իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման, շատ դժուար է յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան համաձայնագիրի որոշակի կէտերուն մէջ», ըսաւ Լաւրով։
Միրզոյեան եռակողմ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրի շարք մը յօդուածներու, թեմաներու շուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է։ Ան աւելցուց, որ որոշ թեմաներու շուրջ ըմբռնում կը նկատուի. ըստ Միրզոյեանի, խօսքը հաղորդակցութեան ճամբաներու բացման, ապաշրջափակման, Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ հետագայ սահմանազատման մասին է։
Միրզոյեան նոյն ատեն ընդգծեց ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու կարեւորութիւնը։
Մինչեւ երկկողմանի ձեւաչափին անցնիլը՝ Լաւրով առաջարկեց եռակողմանի ձեւաչափով քննարկել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ամբողջ շրջանակը։ Ան նշեց, որ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնները կայուն լուծումներու հասնելու ճամբու քարտէսներ են։
«Մենք վերլուծած ենք Հարաւային Կովկասի շուրջ կացութիւնը։ Կը համարենք, որ մեր ղեկավարներու համաձայնութիւններուն այլընտրանք գոյութիւն չունի։ Մեր կարգին, հետաքրքրուած ենք, որ այս տարածաշրջանին մէջ ըլլայ կայունութիւն, խաղաղութիւն։ Ասիկա ուղղակիօրէն կապուած է ռուսական շահերուն։ Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի կացութեան կայունացման ուղղուած որոշումները գործադրուին», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ յոյս ունի, որ ատոնք պիտի յարգեն նաեւ միւս բոլոր երկիրները, որոնք որոշ ձեւով շահագրգռուած են տարածաշրջանով։
Պայրամով յայտնեց, որ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կողմ է Հայաստանի հետ յետհակամարտային կարգաւորման հոլովոյթին։ «Յետհակամարտային կարգաւորումը հոլովոյթ է, որ բաղկացած է տարբեր ուղղութիւններէ։ Մենք կողմնակից ենք բոլոր ուղղութիւններով զուգահեռ աշխատանքին։ Կը կարծեմ, որ ատոնք փոխլրացնող են», ըսաւ ան։
Պայրամով նշեց, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ անցեալ տարուան աւարտէն նկատելի է որոշակի լճացում։ «Մենք, ըստ էութեան, շատ դրական կը վերաբերինք այն հանգամանքին, որ Մայիսէն սկսեալ՝ ընթացքը կը կրէ հետեւողական եւ դրական բնոյթ։ Արդէն կայացան խումբերու մակարդակով հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ խաղաղութեան պայմանագիրի վերաբերեալ, տեղի ունեցան ղեկավարներու հանդիպումը։ Կը կարծենք, թէ այսօրուան բանակցութիւնները եւս արդիւնաւէտ պիտի ըլլան եւ հնարաւորութիւն պիտի տան անգամ մը եւս անցնելու բոլոր հարցերու վրայէն։ Բնականաբար, երկկողմ հիմի վրայ լաւ հնարաւորութիւն է նաեւ հայկական պատուիրակութեան հետ շարունակել խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերող թեմաներու քննարկումը», ըսաւ նախարարը։
Լաւրով իր հայ պաշտօնակիցին՝ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ մոսկովեան քայլերու գլխաւոր նպատակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է։ «Եւ, ինչպէս արդէն նշեցի, այս պարագային երեք երկիրներու ղեկավարներու ստորագրութեամբ եռակողմ յայտարարութիւններու դերը չափազանց էական է եւ պէտք է վճռորոշ նշանակութիւն ունենայ բոլոր հարցերու հանգուցալուծման գործին մէջ։ Ատիկա կը վերաբերի թէ՛ խաղաղութեան պայմանագիրին, թէ՛ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, թէ՛ սահմանազատման ու ատոր յաջորդող սահմանագծման։ Կը կարծեմ, թէ այս բոլոր ուղղութիւններով յառաջընթացի ապահովումը առանցքային պայման է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն կացութիւն ստեղծելու համար։ Ռուսիա այս տարածաշրջանին մէջ ունի պատմական դերակատարութիւն եւ լրջագոյն շահեր, վստահ եմ՝ մեր դաշնակիցները ատիկա կը հասկնան։ Ուստի պիտի ձգտինք կարելին ընել, որպէսզի այսօրուան միջոցառումները ըլլան օգտակար եւ յստակ արդիւնքներ տան», ըսաւ Լաւրով։
Միրզոյեան Լաւրովին յայտնեց, որ Հայաստան, ինչպէս միշտ, բանակցութիւններուն շատ կառուցողական կերպով կը մասնակցի եւ յանձնառու կը մնայ եռակողմ յայտարարութիւններուն։ Ան ցաւ յայտնեց, որ գետնի վրայ կացութիւնը այլ է, բանակցութիւններուն զուգահեռ, պարբերաբար Ատրպէյճանի կողմէ կը դրսեւորուի կացութեան սրում, ներխուժում Հայաստանի գերիշխան տարածք, Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան կոպիտ խախտում, որուն վերջին դրսեւորումը Լաչինի միջանցքին մէջ հսկիչ-անցակէտ տեղադրելու փորձն էր՝ թէեւ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան մէջ շատ յստակ ձեւակերպուած է Լաչինի միջանցքի դրութիւնը։ Միջանցքը պէտք է մնայ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ, սակայն հիմա, ցաւօք, կարելի չէ արձանագրել, որ Ռուսիա կը վերահսկէ Լաչինի միջանցքը։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ արձագանգեց այս հանդիպումին եւ յայտարարեց, որ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան, անկախ անկէ, թէ որ հարթակի վրայ կ՛ընթանան բանակցութիւնները։ «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել։
«Կողմերու միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները սկզբունքօրէն կարեւոր են՝ անկախ անկէ, թէ ատոնք ուր տեղի ունեցած են՝ Արլինկթընի, Պրիւքսէլի, թէ Մոսկուայի մէջ», յայտարարած է Փաթել՝ մեկնաբանելով Մայիս 25ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ