Որոնել

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 

Պլինքըն. «Ուղիղ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան միակ ուղին են»

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցային հոլովոյթի, ներառեալ Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք քննարկումներուն շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան  վերաբերեալ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Ճ. Պլինքընը այսօր զրուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` ընդգծելով Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններու կարեւորութիւնը եւ խոստացած Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն կրկնած է, որ ուղիղ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան միակ ուղին են: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է խաղաղութեան հոլովոյթին վարչապետի շարունակական նուիրուածութեան համար»:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ Փաշինեան-Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանին մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական կացութեան:

Փաշինեան ընդգծած է, որ Բերձորի միջանցքին մէջ ազրպէյճանական կողմի քայլերը միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ կատարելու եւ Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ հայաթափելու իր քաղաքականութեան հետեւողական իրագործման: Ան շեշտած է Ազրպէյճանի կողմէ շրջանային անվտանգութիւնը խարխլող գործողութիւններուն միջազգային ընտանիքի համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը եւ գործօն քայլերու ձեռնարկումը` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռի անվերապահ կատարման ուղղութեամբ:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցային հոլովոյթի, ներառեալ Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք քննարկումներուն շուրջ:

Կողմերը կարեւոր նկատած են շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը:

Անդրադարձ կատարուած է մարդասիրական բնոյթի այլ հարցերու:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ:

«Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի կատարել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու հերթական փուլը», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 30 ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ուաշինկթըն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 09:20