Որոնել

Մարոնի եպիսկոպոսներու ժողով Մարոնի եպիսկոպոսներու ժողով 

Պքերքէի մէջ. Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց զարգացումներէն օգտուիլ` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու համար

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց շրջանային եւ միջազգային զարգացումներէն օգտուիլ` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն տրամադրութիւնը խանգարող բոլոր հաւանականութիւնները կանխարգիլելու:

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ խորհուրդը վերզգուշացուց երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապներէն` կոչ ուղղելով պատասխանատուներուն բարեկարգումներ մշակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապի բեռը մեղմացնել:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց շրջանային եւ միջազգային զարգացումներէն օգտուիլ` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն տրամադրութիւնը խանգարող բոլոր հաւանականութիւնները կանխարգիլելու:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանը ձերբազատելու բոլոր այն բեռներէն, որոնք այլեւս հանդուրժելի չեն, սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին լուծում մը գտնելու, ինչպէս նաեւ մեղմացնելու ատելութեան եւ լարուածութեան մթնոլորտը, որմէ կրնայ ծնիլ ապահովական տագնապ մը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 08:41