Որոնել

Monastero-di-Tativank.jpg

Պաքուն կը պնդէ, թէ «Հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան Դադիվանքէն»

Ազրպէյճանցիները Քարվաճառի շրջանին մէջ գտնուող հայկական հինաւուրց Դադիվանքը Խուտավենկ կը կոչեն: 44-օրեայ պատերազմէն ետք ան կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ:

Ազրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու հարցերով պետական կոմիտէի նախագահ Մուպարիզ Կուրպանլի ըսած է, որ «հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան» Դադիվանքէն:

Անոր համաձայն, «հայերը ոչ մէկ կապ ունին այդ վանական համալիրին հետ»: «Անիկա կը պատկանի կովկասցի ալպանացիներունն, եւ ուշ կամ կանուխ ատոր կառավարումը պիտի իրականացուի ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքին կողմէ», ըսած է կրօնական հարցերով պետական կոմիտէի ղեկավարը:

Ազրպէյճանցիները Քարվաճառի շրջանին մէջ գտնուող հայկական հինաւուրց Դադիվանքը Խուտավենկ կը կոչեն: 44-օրեայ պատերազմէն ետք ան կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 09:22