Կարմիր Խաչը վերսկսաւ գործունէութիւնը Լաչինի Միջանցքին մէջ
Ապրիլ 29էն ի վեր կազմակերպութիւնը իր իսկ որոշումով դադրեցուց տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` հիմնաւորելով, որ Հակարիի կամուրջին վրայ ատրպէյճանական անցակէտի տեղակայումէն ետք կողմերուն հետ կը քննարկէ տեղաշարժի պայմանները:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն վերսկսաւ գործունէութիւնը Լաչինի միջանցքին մէջ: 17 Մայիսին դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ տեղափոխուեցան Արցախ:
Ապրիլ 29էն ի վեր կազմակերպութիւնը իր իսկ որոշումով դադրեցուց տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` հիմնաւորելով, որ Հակարիի կամուրջին վրայ ատրպէյճանական անցակէտի տեղակայումէն ետք կողմերուն հետ կը քննարկէ տեղաշարժի պայմանները:
ԿԽՄԿ արցախեան առաքելութեան ներկայացուցիչ Էթերի Մուսայէլեան տեղեկացուց․ «Հիւանդների տեղափոխման կամ ընտանիքների միաւորման հարցը դեռ բանակցային փուլում է»:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
18/05/2023, 09:03