Որոնել

2023.05.20 Santa Messa Ascensione presieduta da Karekin II

Հայոց Եկեղեցին կոչ կ՝ընէ իր զաւակներուն տէր կանգնելու իրենց իրաւունքին

«Այսօր Հայոց Եկեղեցին բոլոր տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու մէջ վերստին կոչ կ՝ընէ եւ կը հրաւիրէ իր զաւակները տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան եւ իրաւունքին, չերկնչելու աշխարհի դաւերէն ու ցաւերէն, չվախնալու նահատակութեան փառքի պսակէն, չտատամսելու Աստուծոյ խօսքի հաւատարմութեան մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Մայիս 18-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Այս տօնին կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռը Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ՝ Մայր Աթոռի միաբանութիւնը Պատարագի սրբազան արարողութեան մասնակցեցաւ Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ: Պատարագիչն էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնոր Տ․ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան։

Սուրբ Պատարագի իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը՝ անդրադառնալով տօնի խորհուրդին, մասնաւորապէս նշեց, որ Քրիստոս համբարձումէն առաջ պատգամեց իր աշակերտներուն՝ «Ահա ես ձեր հետ եմ․․․» (Մատթ․28։21) եւ թելադրեց պատասխանատուութիւն ստանձնել իրենց վստահուած քարոզչութեան նկատմամբ, ըլլալ վկաները Իր անանցանելի  ճշմարտութիւններուն, չվախնալ դաժան հարուածներէն, չերկմտիլ ճշմարտութիւնը բարձրացնելու պահուն, անդադար քարոզել Աստուծոյ խօսքը, դարձի բերել մոլորուածները, վերացնել սուտն ու կեղծիքը, մարդոց դարձնել Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը՝ ծառայութենէ կոչելով որդիութեան։

Այնուհետեւ, խօսելով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն մասին, Բագրատ արքեպիսկոպոս ըսաւ․ «Այսօր ալ մենք կ՝ապրինք իրավիճակի մը մէջ, երբ գերեվարուած է մեր հայրենիքին մէկ հատուածը՝ մեր սիրելի Արցախ աշխարհը, մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնց ոչ ոք կրնայ բաժնել մեզմէ։ Երբ կ՝ապրինք բազմահազար զոհերու, վիրաւոր զաւակներու, գերութեան տանջանքներու մէջ գտնուող եւ անյայտնութեան ճիրաններու մէջ յայտնուած մեր սիրելի զաւակներու իրողութեամբ, երբ կանգնած ենք անելանելի որոշումներ կայացնելու առջեւ՝ փնտռելու լոյսի եւ յոյսի ճանապարհներ, երբ կ՝ապրինք գողցուած ուրախութեան, գողցուած պատուի, գողցուած նպատակի, գողցուող յոյսերու, գողցուող հաւատքի եւ սիրոյ իրականութեան մէջ, մեր Տէրը դարձեալ կու գայ մեզի յիշեցնելու եւ քաջալերելու՝ «Ահաւասիկ Ես ձեր հետ եմ․․․» (Մատթ․ 28։21), ձեր հետ եմ ամէն վայրկեան, ձեր տառապանքները կրող, ձեզ հետ քալող, ապրող, գործող եւ ձեր միջոցով նաեւ իրադարձութիւններուն թելադրանք եւ ուղղութիւն տուող»։

Անդրադառնալով Կաթողիկոսական Աթոռի Սուրբ Էջմիածին տեղափոխութեան՝  Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր ազգընտիր գահակալին օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ կը փորձէ դառնալ այն տապանը, առաջնորդող ուղին, ճանապարհը, որ չի սպաններ յոյսը, այլ կեանքի պատգամ կը յղէ՝ իր շուրջը հաւաքելով աշխարհասփիւռ հայորդիները։

,- նշեց Բագրատ Սրբազանը՝ միաժամանակ միաբանութեան անունով տօնին կապակցութեամբ մաղթելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին երկար արեւշատ գահակալութեան օրեր, որպէսզի հայորդիները տեսնեն ծաղկումն ու վերականգնումը համբուրելի հայրենիքին։

Սուրբ Պատարագի աւարտէն ետք՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն ընթացքին հոգեւոր դասն ու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան, պայծառութեան ու շենացման համար:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2023, 09:18