Որոնել

2023.05.04 Stepanagherd manifestazione pacifica

«Ղարաբաղի Հայերուն դիմաց մէկ ճամբայ կայ՝ ենթարկուիլ Ատրպէյճանի օրէնքներուն». Ալիեւ

Բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան այցելութեան ընթացքին Ալիեւ ըսաւ, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է ենթարկուի Ատրպէյճանի օրէնքներուն եւ խօսքը անոնց ուղղելով նշեց. «Ձեր գիրքը փակուած է, «Միացում»ի գիրքը փակուած է, անջատողականութեան վերջը հասած է, անկախութեան երազանքները, ինչպէս կարգավիճակը, ի չիք դարձած են»:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ յառաջիկային կնքուիլ: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ան յայտարարեց, թէ «Երեւանի կողմէ մեր տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար գործնականին մէջ լուրջ խոչընդոտներ չկան»:

Բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան այցելութեան ընթացքին Ալիեւ ըսաւ, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է ենթարկուի Ատրպէյճանի օրէնքներուն եւ խօսքը անոնց ուղղելով նշեց. «Ձեր գիրքը փակուած է, «Միացում»ի գիրքը փակուած է, անջատողականութեան վերջը հասած է, անկախութեան երազանքները, ինչպէս կարգավիճակը, ի չիք դարձած են»:

Ըստ անոր՝ արցախահայութեան համար մնացած միակ ուղին «Ատրպէյճանի օրէնքներուն ենթարկուիլն է, Ատրպէյճանին հաւատարիմ, բնական քաղաքացի դառնալը, «պետական ստորոգելիները» աղբանոցը նետելը եւ խորհրդարանը լուծարելը»: «Մենք կը հաւատանք, որ իրենք պիտի հասկնան, պիտի գան ու քայլ պիտի առնեն, որ Ատրպէյճանի դրօշին տակ ապրին: Մենք կը սպասենք ասոր: Ուստի մենք այլ քայլ չենք առներ, եւ կը կարծեմ, թէ վերջին 2.5 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է արթնցնեն զանոնք, արթնցնեն երազանքներէն«, ըսաւ Ալիեւ:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ մասնակցեցաւ շարք մը ձեռնարկներուն, ինչպէս՝ Լաչին քաղաքին մէջ «Բռնագրաւում» եւ «Յաղթանակ» թանգարաններու հիմնարկէքին, Դեկտեմբեր 1ի յուշատախտակի բացման, փողոցներու անուանակոչութեան, որոնց կարգին իր հօր՝ Հայտար Ալիեւի անուամբ, «Յաղթանակ», «Զանգեզուր» փողոցներու, բնակելի թաղամասի հիմնարկէքի արարողութիւններուն: Ան յայտնեց, որ օր մը առաջ արդէն 20 ընտանիք տեղափոխուած է Լաչին, իսկ մինչեւ Սեպտեմբեր Զաբուխ (Աղաւնօ) գիւղը կը յանձնուի բնակիչներուն:

Ան Քելբաջարի մէջ (Քարվաճար) մասնակցեցաւ զինուորական հիւանդանոցի բացման, ինչպէս նաեւ բնակելի թաղամասի եւ դպրոցի հիմնարկէքի: Ալիեւ ծանօթացաւ նաեւ այդ շրջանին մէջ կառուցող փապուղիներուն, ինչպէս նաեւ Քելբաջար-Լաչին 76 քիլոմեթր երկարութեամբ մայրուղիի շինարարական աշխատանքներուն:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2023, 07:55