156 Թոն մարդասիրական բեռ հասցուած է Ստեփանակերտ
Ասկերանի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում։ Այս մասին կը տեղեկանանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ Դանշնութեան խաղաղապահ առքելութեան՝ մայիս 1-ի տեղեկագրէն, որ հրապարակուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին մէջ։
Զոհեր եւ վիրաւորներ չեն եղած։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը՝ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ այս փաստի առնչութեամբ հետաքննութիւն կը կատարէ։
«Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին վրայ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով։
Ստեփանակերտ առաքուած է 156 թոն մարդասիրական բեռ, որմէ 23 թոն «Մենք միասնական ենք» բազմազգ հիմնադրամէն։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարասակրաւորական խումբերը կը շարունակեն կառոյցներու եւ տեղանքի ականազերծումը։
Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի նոյեմբեր 23-էն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետական եւ սակրաւորական խումբերը մաքրած են 2533,6 հա տարածք, 689,5 քմ ճանապարհ, 1940 շէնք չպայթած ականներէ եւ արկերէ, 26791 պայթուցիկ սարք յայտնաբերուած ու վնասազերծուած է»,- ըսուած է տեղեկագրին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ