Որոնել

2023.03.23 Rai Aram Pakradouni

Արամ Ա Կաթողիկոս Ռայի Պատրիարք հերթական հանդիպում

Այս հանդիպումը մաս կը կազմէր վերջին երեք ամիսներու ընթացքին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան շուրջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու քննարկումներուն։

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռայի Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։

Այս հանդիպումը մաս կը կազմէր վերջին երեք ամիսներու ընթացքին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան շուրջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու քննարկումներուն։

Յայտնենք, որ յիշեալ հանդիպումէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչը՝ խորհրդակցելու նախագահական ընտրութեան հարցին շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 09:44