Որոնել

Ռմբակոծում Ռմբակոծում  (ANSA)

Փենթակոն Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածած է եւ զգուշացուցած. «Ոչ մէկ խմբաւորում անպատիժ պիտի մնայ»

Փենթակոնի տուեալներով` «ճշգրիտ հարուածներ հասցուած են ամերիկացի զինուորները պաշտպանելու նպատակով»:

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը հինգշաբթի օր շարք մը օդային հարուածներ հասցուցած են Սուրիոյ մէջ թիրախներու, որոնք, ըստ Ուաշինկթընի, կրնան առնչուած ըլլալ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին: Այս մասին կը հաղորդէ Փենթակոնի մամլոյ ծառայութիւնը:

Կը նշուի, որ յարձակումը շղթայազերծուած է, երբ 23 մարտին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի ռազմակայանին վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակումի հետեւանքով զոհուած է ամերիկացի պայմանագրային եւ հինգ այլ զինուորներ: Ըստ ամերիկեան հետախուզական համայնքի, անօդաչու թռչող սարքը իրանեան էր:

«Նախագահ Ճօ Պայտընի ցուցմունքով ես լիազօրած եմ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան ուժերը այս գիշեր ճշգրիտ օդային հարուածներ հասցնել արեւելեան Սուրիոյ մէջ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի առնչուած խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուող թիրախներու վրայ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին:

Ան աւելցուցած է, որ օդային հարուածները կատարուած են ի պատասխան վերոնշեալ խմբաւորումներուն կողմէ կատարուած 23 մարտի յարձակումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ դաշնակից ուժերուն վրայ կատարուած վերջին յարձակումներուն:

«Ինչպէս նախագահ Պայտըն յստակացուցած է, մենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն պիտի ձեռնարկենք մեր ժողովուրդը պաշտպանելու համար եւ միշտ պատասխան պիտի տանք մեր ընտրած ժամանակին եւ վայրին մէջ», աւելցուցած է Օսթին` աւելցնելով. «Ոչ մէկ խմբաւորում անպատիժ պիտի ձգեն մեր զօրքերը»:

Փենթակոնի տուեալներով` «ճշգրիտ հարուածներ հասցուած են ամերիկացի զինուորները պաշտպանելու նպատակով»:

«Միացեալ Նահանգները համաչափ եւ մտածուած գործողութիւններու ձեռնարկած են` սահմանափակելու մագլցումի վտանգը եւ նուազագոյնի հասցնելու կորուստները», կը նշուի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Երէկ աւելի ուշ, ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը գտնուող Օմար քարիւղի դաշտին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայան մը հրթիռային յարձակումի ենթարկուած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2023, 08:20