Որոնել

Giornata delle Nazioni Unite

Մոսկուա անընդունելի կը նկատէ Հռոմի Կանոնադրութեան միանալու՝ Երեւանի ծրագիրները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն երեւոյթին վրայ, որ հայկական կողմը զգուշացուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն համար Երեւանի հնարաւոր քայլերու «չափազանց բացասական» հետեւանքներէն

Մոսկուա բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միանալու Երեւանի ծրագիրները՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան վերաբերող «ողորմելի  հրամաններու պարունակին մէջ»: Այս մասին 27 Մարտին ռուսական «Թասս» գործակալութեան յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը:

«Մոսկուայի մէջ բացարձակապէս անընդունելի կը նկատեն Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միանալու՝ պաշտօնական Երեւանի ծրագիրները՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան դէմ դատարանի վերջին անօրինական եւ իրաւաբանօրէն անվաւեր «հրաման»ի պարունակին մէջ», յայտնեց աղբիւրը:

Ըստ »Թասս«ի՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն երեւոյթին վրայ, որ հայկական կողմը զգուշացուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն համար Երեւանի հնարաւոր քայլերու «չափազանց բացասական» հետեւանքներէն:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 07:42