Ռուբէն Վարդանեան. «Ազրպէյճանի նպատակը Արցախի գերիշխանութիւնը ոչնչացնելն է»
«Արցախի շրջափակումը քաղաքական է, սա միայն ճամբու փակում չէ, Ազրպէյճանի նպատակը Արցախի գերիշխանութիւնը ոչնչացնելն է», երէկ ընդլայնուած խորհրդակցութեան ընթացքին ըսած է Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան:
«Պայքարը կը մղուի գերիշխանութեան համար», նշած է ան` շարունակելով. «Ես յստակ կ՛ըսեմ, որ մեր նպատակն է ունենալ անկախ Արցախ, որ պէտք է ըլլայ անվտանգ եւ զարգացած: Ատիկա շատ կարեւոր նպատակ է, որուն հասնիլը շատ դժուար է: Բայց ես այդ կը նկատեմ միակ ճամբան եւ եկած եմ, որ միասին ամէն ինչ ընենք` այդ նպատակին հասնելու համար»:
Պաքուն կը շարունակէ յայտարարել, որ ճամբան փակ չէ: Ռուբէն Վարդանեան նշած է, որ նախանցեալ օր ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ Գորիսէն Ստեփանակերտ տեղափոխուող երեխաներուն հետ կապուած միջադէպը կ՛ապացուցէ հակառակը. «Կատարուած է անընդունելի դէպք, որ հաստատեց, որ ճամբան փակ կը մնայ: Շուրջ վեց շաբաթ ընտանիքէ բաժնուած երեխաները փորձ կը կատարուի վերադարձնել խաղաղապահներու միջոցով, բայց տեսանք, որ նոյնիսկ այս պարագային ազրպէյճանցիներ իրենք իրենց թոյլ տուած են մտնել երեխաները տեղափոխող մեքենայ, նկարահանում կատարել. սա ակնյայտ ոտնձգութիւն է, եւ մեծ ճնշուածութիւն եղած է երեխաներուն համար»:
Գնահատելով ստեղծուած իրավիճակը` ան նշած է, որ անիկա չափազանց բարդ է, քանի որ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ արդէն հին համակարգն ու մեքանիզմները չեն գործեր, եւ անհրաժեշտ նկատած է ճգնաժամին արձագանգող ճկուն լուծումներով նոր ու աւելի արդիւնաւէտ համակարգի ձեւաւորումը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ