Որոնել

Արցախ, ուտելիք, սննդեղէն Արցախ, ուտելիք, սննդեղէն 

Արցախի մէջ ուտելիքը սկսաւ կտրօններով տրամադրուիլ. կազամատակարարումը վերսկսաւ

Արցախի իշխանութիւնները կը հաստատեն, որ ապրանքները սահմանուած կարգով ձեռք բերելու պարագային կը բաւէ բոլորին:

20 Յունուարը Արցախի շրջափակման 40րդ օրն էր: Արցախի խանութներուն մէջ սկսան ուտելիքը եւ ապրանքները կտրօններով տրամադրուիլ: Այս թուականէն սկսեալ, իւրաքանչիւր անձ պիտի ստանայ ամիսը մէկական քիլոկրամ հնդկաձաւար, մաքարոնեղէն, բրինձ, շաքար ու ձէթ։

Արցախցիները լաւ կը գիտակցին, որ տրամադրուածը կրնայ բաւարար չըլլալ, առ այդ, պէտք է զայն խնայողաբար օգտագործել։

Արցախի իշխանութիւնները կը հաստատեն, որ ապրանքները սահմանուած կարգով ձեռք բերելու պարագային կը բաւէ բոլորին:

Ոտելիքի եւ դեղորայքի խիստ սակաւութենէն բացի, քաղաքացիները ունին նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարման հարց, որովհետեւ արդէն 10 օր է որ Հայաստանէն Արցախ հոսանքատարը խանգարուած է, իսկ Ատրպէյճան թոյլ չի տար զայն վերանորոգել։ Արցախցիներուն ելեկտրականութիւնը օրուան ընթացքին պարբերաբար կ՛անջատուի։

«Ինչ արւում է, արւում է ներքին ռեսուրսների (միջոցներու) հաշուին, եւ այդ հովհարային անջատումները նրա համար են, որպէսզի մենք ունեցած պաշարը հնարաւորինս արդիւնաւէտ օգտագործենք», ըսաւ «Արցախէներգօ» ընկերութեան փոխտնօրէն Տիգրան Գաբրիէլեան, որ յորդորեց խնայողութեամբ օգտագործել ելեկտրականութիւնը։

Միւս կողմէ, 3 օրուան անջատումէ ետք ատրպէյճանական կողմը մասամբ բացաւ Հայաստանէն եկող միակ կազատարը, սակայն թոյլ ճնշման պատճառով մատակարարումը պիտի վերականգնի որոշ սահմանափակումներով:

Ջեռուցման բացակայութեան պատճառով, 19 Յունուարէն ի վեր փակ են Արցախի բոլոր դպրոցները, շուրջ 20 հազար մանուկներ զրկուած են կրթութեան իրաւունքէն: Առայժմ յայտնի չէ, թէ կազամատակարարման մասնակի վերականգնումէն ետք պիտի վերանայուի՞ այս որոշումը, թէ ոչ: Աշխատանքային դրութիւնը եւս մասնակի սահմանափակումներով կը գործէ նաեւ Արցախի պետական հաստատութիւններուն մէջ:  Գրասենեակներ կը յաճախեն միայն անոնք, որոնք չեն կրնար հեռավար աշխատիլ:

Կարմիր Խաչի օգնութեամբ 20 Յունուարին ընտանիքներ վերամիաւորուեցան. Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են 4 անձեր, իսկ մէկ հոգի՝ հակառակ ուղղութեամբ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2023, 08:25