Որոնել

Եռագոյնը բարձրացուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ Եռագոյնը բարձրացուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ 

Եռագոյնը բարձրացուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ` առ ի զօրակցութիւն Հայաստանին

24 նոյեմբերին դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր մասնակցած են Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան, Սթրազպուրկի քաղաքապետ Ժան Բարսեղեան, քաղաքային խորհուրդի անդամ, Հայաստանին աջակցելու վերաբերեալ բանաձեւի հեղինակ Փիեռ Եաքուպովիչ եւ այլ հրաւիրեալներ:

Երէկուընէ Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ սկսած է ծածանիլ Հայաստանի դրօշը` ի նշան համերաշխութեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ:

24 նոյեմբերին դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր մասնակցած են Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան, Սթրազպուրկի քաղաքապետ Ժան Բարսեղեան, քաղաքային խորհուրդի անդամ, Հայաստանին աջակցելու վերաբերեալ բանաձեւի հեղինակ Փիեռ Եաքուպովիչ եւ այլ հրաւիրեալներ:

Խորհրդանշական այս քայլը նախատեսուած էր Սթրազպուրկի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ 7 նոյեմբերին միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւով, որ յստակօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, կոչ կ՛ուղղէ խաղաղութեան հաստատման եւ աջակցութիւն կը նախատեսէ բարեկամ Հայաստանին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2022, 08:53