«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին «Մենք ստեղծում ենք կենսունակ համայնքներ» խորագիրով հեռուստամարաթոնը պիտի կայանայ նոյեմբեր 24-ին
Նոյեմբեր 24-ին, ժամը 17:00-ին, Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերով սկիզբ պիտի առնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին «Մենք ստեղծում ենք կենսունակ համայնքներ» խորագիրը կրող հեռուստամարաթոնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայակական հիմնադրամէն:
«Նոյեմբեր 24-ին, ժամը 17:00–ին, Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերով դիտեցէք Հիմնադրամին «Մենք ստեղծում ենք կենսունակ համայնքներ» խորագիրը կրող ՀԵՌՈՒՍՏԱՄԱՐԱԹՈՆ 2022–ը:
Ձեր նուիրաբերութեամբ միացէ՛ք եւ աջակցեցէ՛ք Հիմնադրամի մարդասիրական ծրագիրներուն՝ նպաստելով մեր Հայրենիքի բազմաթիւ համայնքներու կենսունակ զարգացման»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հիմնադրամի պաշտօնական կայքին տեղեկատւութեան համաձայն՝ 2022-23 թթ.-ին Հիմնադրամին եւ անոր աշխարհասփիւռ ցանցին ջանքերը պիտի ուղղուին հայրենիքի համայնքներու կայուն զարգացման՝ ենթակառուցուածքներու, բնակարանաշինական, առողջապահական, կրթական, հասարակական, վերականգնուող ուժանիւթի, մշակութային եւ այլ ծրագիրներուն:
Նուիրաբերութիւնները հնարաւոր է կատարել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առցանց հարթակին:
Հիմնադրուելով 1992 թուականին՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ մնալ եզակի կառոյց մը, որուն նպատակն է ստեղծել համահայկական ցանց, աջակցիլ Հայաստանին եւ աշխարհի հայերուն, իրականացնել Հայաստանի եւ Արցախի կայուն ու համաչափ զարգացումը ապահովող ծրագիրներ։
Հիմնադրման օրէն ի վեր՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուցած է շուրջ 1300 խոշոր ծրագիր ենթակառուցուածքներու, առողջապահութեան, հասարակական ապահովութեան, արուեստի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ։ Հիմնադրամին աշխատանքները կ՝իրականացուին 19 երկիրներու մէջ գործող 21 տեղական մարմիններու եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու աշխոյժ մասնակցութեան եւ աջակցութեան շնորհիւ։
Հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներուն ծիրէն ներս՝ հայկական զոյգ պետութիւններուն մէջ կառուցուած են եւ կը շարունակուին կառուցուիլ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհներ, ջրամատակարարման համակարգեր, կազատարներ, բնակելի տուներ, բազմաբնակարան շէնքեր, դպրոցներ ու մանկապարտէզներ, առողջապահական ու մարզամշակութային հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ իրականացուած են բազմաթիւ կթրամշակութային ծրագիրներ:
Այսօր ալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր մեծ ներդրումը ունենալ Արցախի յետպատերազմեան վերականգնման ու պատերազմի հետեւանքները թօթափելու գործին մէջ:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ