Ինտնոեզիոյ Ժավա կղզիին մէջ երկրաշարժի պատճառաւ զոհերու միջեւ շատ մը մանուկներ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ինտոնեզիոյ Ճաւա կղզիին մէջ արձանագրուած 5.6 ուժգնութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով մահացած են 268 անձեր, որոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ, որովհետեւ երկրաշարժը տեղի ունեցած է կէսօրուան ժամուն երբ մանուկներու մեծամասնութիւնը կը գտնուին դպրոցներու մէջ։ Այս մասին հաղորդեց Ինտոնեզիոյ մէջ միսիոնար հայր Մարքին Սշմիտը
Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաքին 200 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մարզին մէջ արձանագրուած երկրաշարժին հետեւանքով կործանուած են բազմաթիւ ենթակառոյցներ, տեղահանուած են գրեթէ 13 հազար անձեր, տակաւին անյայտ վիճակի մէջ կը գտնուին 115 անհատներ եւ կան հազարաւոր վիրաւորներ։
Երկրաշարժին վայրը շտապ օգնութեան փութացած է բանակը ու այցելած է Ինտոնեզիոյ նախագահ, Ժոքօ Վիտոտօ, յայտնելով իր ցաւակցութիւնները եւ յայտարարելով արտակարգ դրութիւնը, խոստանալով նաեւ որ նոր բնակարաններ պիտի կառուցուին, որոնք կը դիմանան երկրաշարժին հարուածներուն դէմ։
Ինտոնեզիոյ մէջ միսիոնար, Հայր Շմիտ տեղեկացուց նաեւ, որ երկրաշարժին տարածքին վրայ ամէն ջանք կը թափուի փրկելու եւ շտապ օգնութեան հասնելուն համար երկրաշարժէն վերապրած անձերուն, որոնք կը ջանան փրկուիլ աւերակներէն։
Դժբախտաբար կան շատ մը գիւղեր ուր դժուար է հասնիլ ճամբաներու կործանումի պատճառաւ։ Վիրաւորներու մեծամասնութիւնը կը բուժուին վրաններուն տակ եւ կործանուած են Սան Փիեթրօ ժողովրդապետութիւնն ու կարգ մը մզկիթներ, ըսաւ Հայր Շմիտ։
Նշենք, որ Իտնոնեզեան այն երկիրներէն է ուր յաճախ կ՝արձանագրուի փոքրիկ ուժգնութեամբ երկրաշարժներ։ Անցեալ փետրուար ամիս, 25 անձեր մահացած են Ժավա քաղաքին մէջ արձանագրուած շարք մը երկրաշարժներու պատճառաւ։
Ամենամեծ բնականան աղէտը պատահած է 2004ին, Հնդկական ովկիանոսին մէջ թսունամին պատճառաւ մահացան են շուրջ 230 հազար անձեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ