Որոնել

ԵԱՀԿ-ի դրօշակը ԵԱՀԿ-ի դրօշակը 

Ռաու եւ Քոլոնա քննարկած են Հայաստան – Ազրպէյճան սահմանի զարգացումներն ու ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն ուղարկելու կարելիութիւնը

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի վերջին զարգացումները:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի վերջին զարգացումները:

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի պաշտօնական էջին վրայ տեղադրուած գրառումին համաձայն` երկու նախարարները քննարկած են «շրջան ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն ուղարկելու կարողական կարելիութիւնը»:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիւն օրեր առաջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ժամանակ յայտարարած էր «Հայաստան շուտափոյթ ֆրանսական պատուիրակութիւն ուղարկելու մասին` գնահատելու համար կացութիւնը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարած էր, թէ կը քննարկուի հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման համար ՀԱՊԿ-ի դիտորդներու օգտագործումը:

Լուրը Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2022, 08:34