Ազրպէյճան դարձեալ խախտեց զինադադարի դրութիւնը
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած
3 հոկտեմբերի ժամը 21:30-ի սահմաններուն մէջ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրարկումով կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէն կորուստներ չկան», կը յայտնէ նախարարութիւնը:
Լուրը՝ Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
04/10/2022, 08:30