Արցախեան երեք պատերազմներուն նահատակուած տղոց յիշատակին Մարտունիի մէջ խաչքար տեղադրուեցաւ
Մարտունի մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացման արարողութիւն: Նոր սրբատեղին այսուհետեւ պիտի հանդիսանայ մատաղ սերունդի երդմնակալութեան ու հաւատարմութեան խորհրդավայր: Խաչքարը կառուցուած է արցախեան երեք պատերազմներուն նահատակուած տղաներու յիշատակին:
Խաչքարի մտայղացման գաղափարը Նժդեհ Իսկանդարեանինն է, որ մտերիմ էր Մհեր Աբրահամեանի եւ Արսէն Աղասեանի հետ: Գաղափարի կեանքի կոչելուն աջակցած են Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավար Էդիկ Աւանէսեանը եւ Մարտունիի քաղաքապետ Ազնաւուր Սաղեանը:
Խաչքարի բացման պատիւը տրուած էր Նժդեհին, Մհերի քրոջը՝ Լենային եւ Արսէնի քրոջը՝ Միլէնային:
Օրհնութեան կարգը կատարեց Մարտունիի Ս. Ներսէս Մեծ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յովհան քահանայ Յովհաննիսեան. «Խաչքարը մենք կը տեղադրենք ոչ թէ որպէս յիշատակ, ազգային սովորութիւններու շարունակութիւն, այլ անիկա իր մէջ պէտք է ունենայ քրիստոնէական այն խորհուրդը, որ ամէն անգամ խաչքարին նայելով յիշենք մեր հերոսներն ու աղօթենք անոնց հոգիի հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար»,- օրհնութեան իր խօսքին մէջ նշեց տէր Յովհանը:
Չէ եղած ժողովուրդ մը, որուն պատմութիւնը միայն ու միայն փայլուն յաղթանակներ արձանագրած ըլլար: Ժամանակաւոր պարտութեան դառն բաժակը դատարկած են բոլոր ժողովուրդները: Երեկուան գոռ ու փայլուն յաղթանակը կը պարտուի այսօր, սակայն առանց կորսնցնելու վաղուայ յաղթանակին յոյսը: Յաղթանակի յոյսը չի կորսնցներ նաեւ Նժդեհ Իսկանդարեանը, որ ելոյթի իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Ինծի համար պատիւ է ըլլալ այստեղ, կրկնակի պատիւ է ըլլալ Արսէնի եւ Մհերի ընկերը: Հայրենիքները կ՝ապրին հայրենասիրութեամբ, կը կործանուին՝ անոնց պակասէն: Այսօր Մարտունին կանգուն է հայրենասէր, քաջարի զաւակներու կեանքի գնով: Իսկապէս պատմութիւնը կրկնուելու յատկութիւն ունի, դժուար ժամանակներ կ՝ապրինք: Աստուած, հայրենիք եւ հայ ազգ: Այս է փրկութեան մեր ճանապարհը»:
«Արցախի պահեստազօրի սպաներու միութիւն» ՀԿ նախագահ Կարմէն Ասլանեանի խօսքով ՝ այսօր մէկ անգամ եւս առիթ է մեր հերոսները յիշելու եւ կատարածը արժեւորելու համար. «Մենք կը խոնարհինք հերոսածին ընտանիքներու առջեւ: Այսօր մենք ունինք հայորդիներու արեամբ սրբագործուած հայրենիք, ուր կրնանք ապրիլ, արարել:
Դժուար ժամանակաշրջանի մէջ կ՝ապրինք, բայց պարտաւոր ենք յիշելու, մեծարելու, գնահատելու եւ յաւերժացնելու մեզի համար սուրբ անունները: Յիշեցէք, այս երկրի արժանապատիւ տէրը դուք էք, ապրեցէք հպարտ կեցուածքով եւ շարունակեցէք անոնց կիսատ թողածը»,- յատկանշեց ան:
Հերոսածին մայր Մարգարիտա Աղասեան ելոյթի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց խաչքարի տեղադրման գաղափարի հեղինակին եւ բոլոր աջակիցներուն. «44-օրեայ պատերազմին մենք ազգովի կորսնցուցինք մեր տղաքը, շատերը մնացին հաշմանդամ: Ունինք նաեւ անյայտ ճակատագրով տղաներ: Կորսնցուցինք տուն տեղ, հող հայրենի: Ցաւը խորն է իւրաքանչիւրիս համար, սակայն ցաւը խեղդելով՝ կը յորդորեմ եւ կը խնդրեմ՝ համախմբուիլ, յանուն մեր հերոսներու թափած արեան՝ վեհ հայեացքով առաջ նայիլ, որպէսզի նենգ թշնամին մեր համախմբուածութենէն ընդմիշտ մոռնայ մեզի»:
Բացման ժամանակ ելոյթներ ունեցան Մարտունիի երեխաները եւ անոնց շուրթերէն հնչած իւրաքանչիւր խօսքի մէջ ամփոփուած էին հերոս տղաներուն կատարած սխրագործութիւնները, կիսատ թողած երազանքներն ու անձնուէր օրինակով սերմանած հայրենասիրութիւնը:
Աղբիւրը ՝Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ