Որոնել

Charles-Michel-Pashinyan-Aliev.jpeg

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

Միշելի համաձայն, Պրիւքսելի մէջ ղեկավարներու յաջորդ հանդիպումէն առաջ, երկխօսութեան հետամուտ ըլլալը եւ օրակարգի բոլոր կէտերուն վրայ շօշափելի յառաջընթացի հասնիլը առանցքային է:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ ես անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած եմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Միասնաբար կ՛աշխատինք` ապահովելու լարուածութեան մեղմացման եւ բաց կապեր»:

Միշելի համաձայն, Պրիւքսելի մէջ ղեկավարներու յաջորդ հանդիպումէն առաջ, երկխօսութեան հետամուտ ըլլալը եւ օրակարգի բոլոր կէտերուն վրայ շօշափելի յառաջընթացի հասնիլը առանցքային է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2022, 09:07