Որոնել

Արցախ Արցախ 

Ատրպէյճանը Սոթքի մէջ խախտած է հրադադարը

«Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը, ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ համագործակցելով, այս միջադէպը հարթած է. կողմերու միջեւ շփման գիծի խախտումներ թոյլ չեն տրուած»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Անցած 24 ժամուան ընթացքին Գեղարքունիքի մարզի Սոթք գիւղի շրջանին մէջ, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ, ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտում արձանագրուած է, որու հետեւանքով վիրաւորուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու մէկ զինծառայող: Այս մասին կը հաղորդուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական տեղեկագրին մէջ։

«Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը, ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ համագործակցելով, այս միջադէպը հարթած է. կողմերու միջեւ շփման գիծի խախտումներ թոյլ չեն տրուած»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2022, 08:00