Որոնել

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել  

«Պիտի շարունակենք Հայ-Ազրպէյճանական ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրին աջակցութիւնը» կ՛ըսէ Միշել

Միշել ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան համար կայուն, ապահով եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասը կարեւոր է:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Հայաստան-Ազրպէյճան երկխօսութեան պրիւքսելեան օրակարգի բոլոր հարցերը:

Միշել ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան համար կայուն, ապահով եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասը կարեւոր է:

«Մենք պիտի շարունակենք աջակցութիւնը մարդասիրական, կապի եւ սահմանային խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրին», գրած է եւրոպացի պաշտօնատարը:

«Ազատութիւն» ձայնասփւռի կայանը կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական կողմը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ալիեւ, յիշելով Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած եռակողմ հանդիպումներն ու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, յոյս յայտնած է, որ Շարլ Միշելի նշած օրակարգային բոլոր հարցերուն համար իրական արդիւնքներ կ՛ըլլան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2022, 08:40