Որոնել

05022014_144222_GENOCIDIO_ARMENO.jpg

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին մէջ Ամերիկացի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր կ՝իրականացուի

Ծրագիրին իբրեւ արդյունք՝ մասնակիցները, ծանօթանալով Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման մեթոտներուն, շեշտադրումներուն, GenEd կազմակերպութեան աջակցութեամբ պիտի կազմակերպեն վերապատրաստման նման ծրագիրներ եւ գործնական դասընթացներ իրենց նահանգներուն մէջ:

Ամերիկեան «Genocide Education Project» կազմակերպութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետ համագործակցելով՝ 2022 թ. Յուլիս 9-17 կազմակերպած է ամերիկացի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ դասընթացը, որ տեղի կ՝ունենայ Յուլիս 10-15 ՀՑԹՀ գիտաժողովներու սրահին մէջ դասախօսութիւն-գործնական պարապմունք ձեւաչափով, մասնակիցներուն կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական, ընկերային-հոգեբանական դիտանկիւնները, միաժամանակ ցոյց տալով այդ յանցագործութեան, անոր անպատժելիութեան ունեցած երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ քաղաքական, տնտեսական իրադրութեան վրայ: Առանձին դասաժամ յատկացուած է Արցախեան հիմնահարցին: Ծրագիրը կը ներառէ յատուկ մշակութային մաս, որ պիտի նպաստէ ուսուցիչներու կողմէ հայերու, հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի վերաբերեալ ընդհանուր ճանաչողութեան բարձրացման:

«Այս տարի ծրագրին կը մասնակցի 15 ուսուցիչ՝ ԱՄՆ 15 տարբեր նահանգներէ: Անոնց մեծ մասը ունի հումանիտար ոլորտի մէջ դասաւանդելու 20 եւ աւելի տարիներու փորձ, ոմանք խմբագրած կամ մասնակցած են ցեղասպանութեան մասին ժողովածուներու հրատարակման, տարբեր թանգարաններու կրթական ծրագրերու մշակման»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ծրագիրին իբրեւ արդիւնք՝ մասնակիցները, ծանօթանալով Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման մեթոտներուն, շեշտադրումներուն, GenEd կազմակերպութեան աջակցութեամբ պիտի կազմակերպեն վերապատրաստման նման ծրագիրներ եւ գործնական դասընթացներ իրենց նահանգներուն մէջ:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2022, 08:25