Որոնել

Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին արձանագրութիւններ։ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին արձանագրութիւններ։ 

Պրիւքսելի մէջ ստորագրուեցան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին արձանագրութիւնները

Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարներ Անն Լինտէն եւ Փեքա Հաւիսթոն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 30 պետութիւններու դեսպանները:

Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրուեցան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` դաշինքին անդամակցութեան մասին պաշտօնական արձանագրութիւնները:

Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարներ Անն Լինտէն եւ Փեքա Հաւիսթոն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 30 պետութիւններու դեսպանները:

Արձանագրութիւններուն ստորագրումէն ետք դաշինքի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ ընթացք պիտի առնէ անոնց վաւերացման հոլովոյթը, որուն աւարտէն ետք միայն Հիւսիսային Եւրոպայի այս երկու պետութիւնները ՕԹԱՆ-ի լիիրաւ անդամ պիտի նկատուին, եւ անոնց դրօշները պիտի բարձրացուին դաշինքի կեդրոնատեղիին առջեւ:

«Ասիկա լաւ օր է Ֆինլանտայի եւ Շուէտի համար, ասիկա լաւ օր է ՕԹԱՆ-ի համար: Այս սեղանին շուրջ նստած 32 պետութիւններով մենք աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք, իսկ մեր ժողովուրդները` աւելի անվտանգ: Այսօր մենք բախած ենք տասնամեակներու ընթացքին անվտանգութեան ոլորտին մէջ ծագած լրջագոյն ճգնաժամին», յայտարարեց Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:

Սթոլթենպերկ նշեց, որ դաշինքի անդամ երկիրներ «յայտնած են, որ վճռական են անդամակցութեան հոլովոյթը արագացնելու»` աւելցնելով, որ քայլերը կրնան ամիսներ տեւել, սակայն «անդամակցութեան սովորական քայլերէն աւելի արագ պիտի ըլլան»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2022, 08:19