Որոնել

Կապիկ ծաղիկի հիւանդութիւնը Կապիկ ծաղիկի հիւանդութիւնը 

«Կապիկի ծաղիկ հիւանդութիւնը մտահոգութեան աղբիւր է, եւ պատուաստներու ու գոյութիւն ունեցող դարմաններու հարցը կը քննարկենք» կ՛ըսէ Պայտըն

Կապիկի ծաղիկի վարակի առաջին դէպքերը յայտնաբերուած են Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Շուէտի, Սպանիոյ, Փորթուգալի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Կապիկի ծաղիկ հիւանդութիւնը մտահոգութեան աղբիւր է, եւ պատուաստներու ու գոյութիւն ունեցող դարմաններու հարցը կը քննարկենք»:

Սննդեղէնի եւ դեղորայքի ամերիկեան վարչութիւնը համամիտ գտնուեցաւ Կապիկ ծաղիկի դարմանման համար նոր դեղի կիրարկման: Նիւեորքեան «ՍԻԿԱ Թեքնոլոճիզ» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ կանաչ լոյս ստացած է արտադրելու «Թի.Փի.Օ.Էքս.Էքս»-ի 4-րդ տարբերակը:

Արտօնութիւն տրուեցաւ բերանի ճամբով օգտագործուող «Թի.Փի.Օ.Էքս.Էքս» դեղի Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Քանատայի մէջ օգտագործման:

Կապիկի ծաղիկի վարակի առաջին դէպքերը յայտնաբերուած են Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Շուէտի, Սպանիոյ, Փորթուգալի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ: Վարակի այս տեսակը նման է սովորական ջրծաղիկին: Վարակուած մարդոց մեծ մասը կը բժշկուի քանի մը շաբթուան ընթացքին, սակայն երբեմն բարդութիւնները կրնան մահացու ըլլալ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Անվտանգութեան խորհուրդի նոր վարակներէ պաշտպանութեան ազգային համակարգի ստեղծման հարցերով միջնախարարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոպայի մէջ յայտնաբերուած Կապիկի ծաղիկի դէպքերը մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն:

Ան նշած է, որ Եւրոպայէն «հաճելի լուրեր չեն ստացուած», անոնք կը վերաբերին Կապիկի ծաղիկով մարդոց վարակուելու դէպքերուն: «Ասոնք տեղական դէպքեր են, սակայն նաեւ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն», ըսած է քաղաքական գործիչը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, թէ աշխարհի տարածքին Կապիկի ծաղիկի յաւելեալ դէպքեր յայտնաբերուին` նշելով, որ մինչեւ հիմա հաղորդուած է 12 երկիրներու մէջ վարակման 92 հաստատ պարագաներու մասին, ինչպէս նաեւ 28 պարագաներու մասին, որոնք կը կարծուին Կապիկի ծաղիկով վարակումներ ըլլալ:

Կապիկի ծաղիկը նման է սովորական ջրծաղիկին, եւ հակառակ այն իրողութեան, որ անոր ախտանշանները աւելի թեթեւ են սովորական ջրծաղիկէն եւ անկէ վարակուած անձերու մեծամասնութիւնը քանի մը շաբաթէն կը բժշկուի, հազուադէպ պարագաներու մէջ կրնայ մահաբեր ըլլալ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2022, 10:39