Որոնել

0518Barkev-670x375.jpeg

Պետական պարգեւ՝ Հայաստանի մօտ Վատիկանի առաքելական Նուիրակին

17 Մայիսին, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պետական «Երախտագիտութեան մետալ»ը յանձնեց Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր արքեպիսկոպոսին:
Ունկնդրէ լուրը

Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման, ամրապնդման եւ զարգացման, համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Հայաստանի մօտ Վատիկանի առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան մետալ»ով:

17 Մայիսին, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պետական այդ պարգեւը յանձնեց արքեպիսկոպոսին:

Խաչատուրեան նշեց, որ այդ պետական պարգեւը լաւագոյն արտայայտութիւնն է Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուրի ունեցած նշանակալի աւանդին: «Համոզուած եմ, որ Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնների հետագայ զարգացման համար որեւէ խոչընդոտ չի առաջանայ, քանի որ դա երաշխաւորւում է ամենաբարձր մակարդակով եւ այնպիսի մարդկանց մասնակցութեամբ ինչպիսին դուք եք», ըսաւ Խաչատուրեան` շնորհաւորելով եւ յաջողութիւններ մաղթելով Հայաստանի մօտ Վատիկանի առաքելական նուիրակին:

Արքեպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր գնահատանքին համար եւ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնեայ երկրի նախագահին կողմէ նման պարգեւի արժանանալը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2022, 08:19