Որոնել

0521Gatoghigos.jpg

ՀՀ եւ ԱՀ Իշխանութիւնները հարկ է, որ Արցախի ապագան վտանգող քայլեր չձեռնարկեն. Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կոչ կ՝ընէ հաւատաւոր մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին շարունակելու աջակից ու սատար ըլլալ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն եւ պատրաստակամ յանձնառութիւններով նպաստ ու ներդրում բերել Արցախի Հանրապետութեան զօրացման, խաղաղ ու ապահով կեանքին։

ՀՀ իշխանութիւններն ու համազգային կառոյցները հարկ է զգօնութիւն դրսեւորեն, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման առարկայ չդառնայ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը:

Յայտարարութեան մէջ կ՝ըսուի.

«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, նախագահութեամբ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, անդրադառնալով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, կ՝արձանագրէ՝

– Ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց դատապարտելի թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ: Եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք՝ Ազրպէյճանը պարբերաբար սադրանքներ կը հրահրէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ, թիրախ կը դարձնէ նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը, կը շարունակէ պահել ռազմագերիները, իր վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ կ՝ոչնչացնէ եւ կ՝իւրացնէ հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը,

– Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ծիրէն ներս՝ ՀՀ իշխանութիւններն ու համազգային կառոյցները հարկ է զգօնութիւն դրսեւորել, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման առարկայ չդառնայ,

– Խաղաղութիւնը չի կրնար հաստատուիլ ազգային արժանապատւութեան նուաստացման հաշուին, հայրենի պետութեան տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ չդադրող ոտնձգութիւններու, ռազմագերիներու առկայութեան, Ազրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներու եւ հայատեացութեան քարոզչութեան պայմաններուն մէջ։ Խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուի արդարութեան, արժանապատւութեան եւ իրաւունքներու յարգման սկզբունքներու վրայ,

– Անկախ առկայ ճնշումներէն եւ արտաքին սպառնալիքներէն, առաւել եւս ներհասարակական բեւեռացուածութեան պայմաններուն մէջ՝ ՀՀ եւ ԱՀ իշխանութիւնները հարկ է, որ չձեռնարկեն հայոց անկախ պետականութիւնը եւ Արցախի ապագան վտանգող քայլեր, չդրսեւորուի զիջողականութիւն ազգի հիմնարար իրաւունքներու եւ պատմական արդարութեան հետապնդման յանձնառութեան մէջ։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, խիստ մտահոգուած ստեղծուած բարդագոյն իրավիճակով, հայրենիքի մէջ տեղ գտնող ներքաղաքական զարգացումներով եւ ապաւինելով Բարձրեալ Տիրոջ ողորմութեան ու մեր ժողովուրդի իմաստութեան, կը յորդորէ՝

– Առաջնային նկատել ազգային եւ պետական շահը, գործել խղճի մտօք եւ պատասխանատւութեամբ, խնդիրներու արժանապատիւ լուծումները փնտռել բացառապէս մեր համընդհանուր կամարտայայտման ու համախոհութեան մէջ,

– Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ ամենայն ջանք ի գործ դնել զօրացնելու մեր ազգային միաբանութիւնը՝ վերացնելով պառակտող հատուածականութիւնը, լծուելու հայրենիքի հզօրացման, միջազգային հարթակներու վրայ եւ ամենուր հետեւողականօրէն բարձրաձայնելու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման մասին, հետամուտ ըլլալու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, պայքարելու յանուն մեր ինքնութեան ու հոգեւոր-ազգային արժէքներու պահպանութեան,

– Ներքաղաքական գործընթացներու մէջ, խաղաղ հաւաքներուն, անկախ քաղաքական հայացքներէն կամ պաշտօնական գործառոյթներէն, դրսեւորել հանդուրժողականութիւն, օրինապահութիւն, յարգանք միմեանց իրաւունքներու նկատմամբ՝ բացառելով որեւէ տեսակի բռնութիւն, անհամաչափ ուժի կիրառում, սադրանք եւ օրինախախտութիւն։ Ատելութեան խօսքը, վիրաւորանքը եւ թշնամանքի հրահրումը երբեք բարիք չեն կրնար ըլլալ։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կոչ կ՝ընէ հաւատաւոր մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին շարունակելու աջակից ու սատար ըլլալ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն եւ պատրաստակամ յանձնառութիւններով նպաստ ու ներդրում բերել Արցախի Հանրապետութեան զօրացման, խաղաղ ու ապահով կեանքին։

Կ՝աղօթենք մեր երկրի խաղաղութեան ու յառաջընթացին համար եւ կը հայցենք Բարձրեալն Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը մեր ժողովուրդին։

Թող հայրենիքի համար աղօթքը մշտահունչ ըլլայ մեր ազգի զաւակներու շուրթերուն։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 07:41