Որոնել

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր 

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր

Նախարարը ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յուշակոթողին մօտ եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի տի Մայոն այցելեց Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Նախարարը ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յուշակոթողին մօտ եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:

Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի տի Մայոն երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան է: Ինչպէս յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն` 3 ապրիլին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն հետեւած են մամլոյ յայտարարութիւնները:

Այցելութեան ծիրին մէջ իտալացի նախարարը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2022, 09:09