Որոնել

«Կիւլպէնկեան»ը եւ VLUME.COM-ը Հայ գրականութիւնը աւելի հասանելի կը դարձնեն «Կիւլպէնկեան»ը եւ VLUME.COM-ը Հայ գրականութիւնը աւելի հասանելի կը դարձնեն 

«Կիւլպէնկեան»ը եւ VLUME.COM-ը Հայ գրականութիւնը աւելի հասանելի կը դարձնեն

Այս համագործակցութեան շնորհիւ, արդէն հրատարակուած են բազմաթիւ ել-գիրքեր եւ ձայնագիրքեր, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան ամբողջական ֆիլմաշար մը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Vlume-ի հետ իր համագործակցութիւնը կը շարունակուի, ընդլայնելով թուային այս մեծ գրադարանը:

Vlume թուային գրադարանը ել-գիրքերու եւ ձայնագիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը ունի թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ արեւելահայերէնով. Vlume-ը նոյն ժամանակ հայ գրականութիւնը ժամանակակից ձեւաչափով ըմբոշխնելու հնարաւորութիւնը կ՛ընծայէ ընթերցողին։

Այս համագործակցութեան շնորհիւ, արդէն հրատարակուած են բազմաթիւ ել-գիրքեր եւ ձայնագիրքեր, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան ամբողջական ֆիլմաշար մը։ Ներկայ ծրագիրով նախատեսուած է գրադարանը հարստացնել յաւելեալ 180 ել-գիրքերով եւ 125 ձայնագիրքերով, յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին:

Vlume-ը բաժանորդներուն հնարաւորութիւն կու տայ կարդալու եւ լսելու հայերէն գիրքեր որեւէ արդի գործիքով. հարթակին ծանօթանալու համար այցելել https://vlume.com/hye/home-page-new-wa/ կայքէջը։

Հիմնարկութեան ներկայ, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը եւ արձանագրուիլ լրատուին։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2022, 08:43