Որոնել

հայկական եկեղեցի Վանի մէջ հայկական եկեղեցի Վանի մէջ 

Թուրքիան կը նախատեսէ Վանը եւ Կարսը դարձնել Հայերու համար զբօսաշրջութեան կեդրոն եւ թռիչքներու սկսիլ դէպի Հայաստանի տարբեր շրջաններ

Քննարկուած է Հայաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնման հարցը:

Թուրքիան կը նախատեսէ թռիչքներու սկսիլ դէպի Հայաստանի տարբեր շրջաններ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:

Թրքական օրաթերթին հաղորդումով` Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին մէջ քննարկումներ սկսած են դէպի Հայաստանի տարբեր շրջաններ թռիչքներ սկսելու շուրջ:

Քննարկուած է Հայաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնման հարցը:

«Իբրեւ առաջին քայլ` որոշուած է բանալ Հայաստանի հետ օդային կապը, ապա օրակարգի վրայ պիտի դրուի դէպի այլ շրջաններ թռիչքներու հարցը: Մասնաւորաբար, Վանը կրնայ վերածուիլ հայերու զբօսաշրջութեան կեդրոնի: Միեւնոյն ժամանակ, կը նախատեսուի վերականգնել որոշ պատմական կառոյցներ` Կարսի մօտ գտնուող կամուրջն ու շէնքերը, որոնց հայերը մեծ նշանակութիւն կու տան: Հայկական սփիւռքի ճնշումը նուազեցնելու համար միեւնոյն ժամանակ պիտի ընդլայնուին առեւտրական յարաբերութիւնները», կը նշէ թերթը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2022, 08:48