Որոնել

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 

«Ռուսիա կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքի շարունակութեան». Զախարովա

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախորդ շաբաթ ատրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին սպառնացած էր «ճնշել» ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղելու փորձերուն։

Շաբաթական իր ճեպազրոյցին ընթացքին Հայ լրագրողի մը հարցումին, թէ ի՛նչ է Մոսկուայի կարծիքը Ատրպէյճանի նախագահին այն յայտարարութեան գծով, թէ Ատրպէյճան թոյլ պիտի չտայ Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝ զբաղելու Ղարաբաղի հարցով, եւ արդեօք Մոսկուան ա՞լ նոյն կարծիքին է, թէ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուած է», Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատասխանեց՝ ըսելով. «Ռուսիա՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ, կ՛աջակցի տուեալ ձեւաչափի աշխատանքի շարունակութեան՝ առաջին հերթին անոր առաքելութեան համաձայն եւ անշուշտ, նկատի ունենալով տարածաշրջանային իրողութիւնները, որոնք ի յայտ եկան 2020ի պատերազմէն ետք: Մինսքի խումբի մեր գործընկերները՝ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան, ամբողջութեամբ կը կիսեն մեր դիրքորոշումը: Այդ դիրքորոշումը կ՛արտացոլայ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու՝ նախորդ տարուան 7 Դեկտեմբերի յայտարարութեան մէջ»։

Ան յիշեցուց, որ այդ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած համախագահողներուն՝ Պաքուին եւ Երեւանին ուղղուած կոչը մօտիկ ապագային շրջանին մէջ հիւրընկալելու համանախագահները, ինչ որ թոյլ պիտի տայ անոնց՝ գնահատելու իրադրութիւնը տեղւոյն վրայ, հասնիլ շօշափելի յառաջընթացի մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն մէջ, որոնք քննարկուած են համախագահներուն հետ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներուն ընթացքին:

Ըստ Զախարովայի՝ նշեալ շփումներուն, որոնք տեղի ունեցան Սեպտեմբեր 2021ին եւ Նոյեմբերին Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ, համանախագահները Սթոքհոլմի մէջ 2 Դեկտեմբերին կափացած ԵԱՀԿի նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ, երկու նախարարներուն փոխանցած էին հաւասարակշռուած, միանգամայն իրատեսական առաջարկ հետագայ փոխգործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ: Համանախագահներուն առաջարկած օրակարգը կը վերաբերի թէ՛ մարդասիրական եւ թէ ընկերային-քաղաքական հարցերուն:

«Մենք կողմերէն կ՛ակնկալենք պաշտօնական արձագանգներ, որոնց կարգին, համախագահներու տարածաշրջանային այցելութիւններու վերսկսման հարցին գծով», ըսաւ Զախարովա:

Յայտնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախորդ շաբաթ ատրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին սպառնացած էր «ճնշել» ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղելու փորձերուն, եւ աւելցուցած, որ, ըստ իրեն, համանախագահները «պէտք չէ զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեամբ, որովհետեւ անիկա լուծուած է»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2022, 08:08