Որոնել

Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի պատրիարքը կը զգուշացնէ երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները խոչընդոտելու փորձերէն

Ռայի պատրիարքը հաստատեց երկրին ազգային ու պարկեշտ նոր ընտրեալներ շնորհելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ նոր ու արդիական կուսակցութիւններ, դրական նոր ուժեր պէտք է կազմաւորուին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց յառաջիկայ մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու խիստ կարիքը:

Ունկնդրէ լուրը

Ռայի պատրիարքը հաստատեց երկրին ազգային ու պարկեշտ նոր ընտրեալներ շնորհելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ նոր ու արդիական կուսակցութիւններ, դրական նոր ուժեր պէտք է կազմաւորուին:

Ան նշեց, որ խորհրդարանին համար կարիքը կայ պարկեշտ անձնաւորութիւններու, որպէսզի ան կարենայ կազմել այնպիսի կառավարութիւններ, որոնք նոր ոճով կ՛իշխեն երկրին:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութենէն ետք իրենք կը սպասեն նախագահական ընտրութեան կայացումին, եւ ատիկա կարելի է Լիբանանին բացարձակ նուիրուածութեան շրջագիծին մէջ: «Նուիրուածութիւնը չէզոքութեան նման է, եւ անոնք հիմնական երկու պայմաններ են ազգային գործակցութեան իրականացման ու հաւասարութեան կերտման», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ կուսակցութիւններուն Լիբանանի գերագոյն շահերը գերադասելու:

Ան զգուշացուց երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները խոչընդոտելու փորձերէն:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վերջ տալու քինախնդրութեան եւ առաջնահերթութիւնները շրջելու փորձերուն` աւելցնելով, որ նման քայլեր կը մտահոգեն լիբանանցիներն ու Լիբանանի եղբայր եւ բարեկամ երկիրները:

Ան հաստատեց, որ անձնական կամ կասկածելի ոչ մէկ պատճառ կարելի է գտնել յետաձգելու կամ ջնջելու երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ նման որեւէ քայլ սահմանադրութեան լուրջ խախտում կը նկատուի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2022, 08:30