Որոնել

Պրիւքսելի մէջ Օթանի կեդրոնը Պրիւքսելի մէջ Օթանի կեդրոնը 

ՕԹԱՆ-ը կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցած Մոսկովեան բանակցութիւնները

14 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններու ծիրին մէջ առաջին հանդիպումը:

ՕԹԱՆ-ը կ’ողջունէ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած մոսկովեան բանակցութիւնները: Այս մասին իր թուիթըրեան էջին վրայ յայտարարած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի` Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա:

«ՕԹԱՆ-ը կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն Մոսկուայի այսօրուան հանդիպումը: ՕԹԱՆ-ը կ’աջակցի անոնց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ պիտի օգնէ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու: Անգարան եւ Երեւանը կը խրախուսենք այդ ուղղութեամբ քայլեր կատարելու», գրած է Քոլոմինա:

Յիշեցնենք, որ 14 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններու ծիրին մէջ առաջին հանդիպումը: Հայաստանը ներկայացուցած էր Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը, իսկ Թուրքիան` Միացեալ Նահանգներու մէջ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը

Աղբիւրը՝ Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2022, 08:25