Որոնել

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի գրասենեակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի գրասենեակ 

Մինսքի խումբը «դուրս» կը մղուի. Մոսկուա մտահոգ է

«Մենք մտահոգուած ենք, որ համանախագահներու եռեակը դեռ չէ կրցած այցելել տարածաշրջան, ծանօթանալ իրավիճակին եւ նախանշել ճշգրիտ միջոցներ՝ օգնելու կողմերուն քաղաքացիներու միջեւ կապեր հաստատելու հարցին մէջ, մարդասիրական խնդիրները լուծելու համար», ըսած է Լուքաշեւիչը:

Ռուսաստան մտահոգուած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները չեն կրնար այցելել Ղարաբաղ: Այս մասին նշած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշևիչը:

«Մենք մտահոգուած ենք, որ համանախագահներու եռեակը դեռ չէ կրցած այցելել տարածաշրջան, ծանօթանալ իրավիճակին եւ նախանշել ճշգրիտ միջոցներ՝ օգնելու կողմերուն քաղաքացիներու միջեւ կապեր հաստատելու հարցին մէջ, մարդասիրական խնդիրները լուծելու համար», ըսած է Լուքաշեւիչը:

Ան յոյս յայտնած է, որ այդ այցը տեղի կ'ունենայ մօտ ապագային:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկա իրավիճակին՝ Լուքաշեւիչը նշած է, որ չնայած որոշ միջադէպերovն, ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստանի ջանքերով հնարաւոր եղած է տարածաշրջանին մէջ պահպանել կայունութիւն: Ըստ անոր՝ իրավիճակի կայունացումը թոյլ տուած է անդրադառնալու այլ հարցերու՝ ճանապարհներու ապաշրջափակում, «3+3» ձեւաչափով քննարկում եւ այլն:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2022, 08:00