Որոնել

Քրիստինէ Գրիգորեան Քրիստինէ Գրիգորեան  

Քրիստինէ Գրիգորեան ընտրուեցաւ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան

Քրիստինէ Գրիգորեան երդում տուաւ. ան պաշտօնը պիտի վարէ գործող պաշտպանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտի յաջորդ օրը:

Հայաստանի Ազգային ժողովը 24 յունուար 2022-ին Քրիստինէ Գրիգորեանը ընտրեց մարդու իրաւունքներու պաշտպան, անոր թեկնածութիւնը առաջադրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

Փակ քուէարկութեան մասնակցեցան 107 պատգամաւորներէն 68-ը, որոնք թեր քուէարկեցին: Ընդդիմութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:

Քրիստինէ Գրիգորեան երդում տուաւ. ան պաշտօնը պիտի վարէ գործող պաշտպանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտի յաջորդ օրը:

Գործող մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի 23 փետրուարին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 08:29