Որոնել

Ս. Աստուածածին եկեղեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցին 

Լվովի ս. Աստուածածին եկեղեցին` ամէնէն յայտնի կրօնական շինութիւններու ցանկին վրայ

Novini.LIVE վարկանիշային ցանկին վրայ նշուած են զբօսաշրջիկներուն ամէնէն յայտնի հոգեւոր վայրերը:

Ուքրանիոյ Լվով քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին ամէնէն յայտնի կրօնական շինութիւններու ցանկին վրայ է:

Լվովի եկեղեցիները, Ուքրանիոյ այլ քաղաքներու եկեղեցիներու շարքին, ակնյայտօրէն առանձնայատուկ են իրենց գեղեցկութեամբ եւ վեհութեամբ:

Novini.LIVE վարկանիշային ցանկին վրայ նշուած են զբօսաշրջիկներուն ամէնէն յայտնի հոգեւոր վայրերը:

Ս. Աստուածածնի վերափոխման հայկական եկեղեցին Լվովի ամէնէն հին կրօնական ճարտարապետական յուշարձաններէն է: Անիկա Լվովի պատմական կեդրոնի` հին քաղաքի, ճարտարապետական յուշարձաններուն մաս կը կազմէ:  Եկեղեցին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ:

Եկեղեցիներու կառուցումը, նոյնականացումը, վերականգնումը եւ պահպանումը Ուքրանիոյ մէջ Հայկական Սփիւռքի հիմնական գործունէութիւններէն են: Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեան յայտնեց, որ եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր կեդրոն է, այլ նաեւ` մշակութային կեդրոն:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2022, 08:41