Որոնել

 Բժշկական սարքաւորումներու նուիրատուութիւն Բժշկական սարքաւորումներու նուիրատուութիւն 

665,000 տոլար արժողութեամբ բժշկական սարքաւորումներու նուիրատուութիւն

Այս սարքերը Հայաստանի զինուած ուժերուն պիտի օգնեն կեանքեր փրկելու, զինուորներուն տրամադրելու լաւագոյն օգնութիւնը։

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերու Եւրոպական հրամանատարութենէն բարձրաստիճան  հրամանատար զօր. Էտուըրտ Վոն 19 Յունուարին մասնակցեցան Կենտրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան՝ յանձնելու շարժական հիւանդանոցի համար նախատեսուած 665,000 տոլար արժողութեամբ բժշկական սարքաւորումներ՝ Միացեալ Նահանգներու Համաշխարհային խաղաղարար գործողութիւններու նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:

Իր խօսքին մէջ, դեսպան Թրէյսի, ընդգծելով Հայաստանի ռազմաբժշկական անձնակազմի արիութիւնը եւ նուիրուածութիւնը՝ ըսաւ. «Յոյս ունինք, որ այս սարքերը կ՛օգնեն մարդոց կեանքը փրկելու ու անոնց կեանքը բարելաւելու ջանքերուն»:

«Այս սարքերը Հայաստանի զինուած ուժերուն պիտի օգնեն կեանքեր փրկելու, զինուորներուն տրամադրելու լաւագոյն օգնութիւնը։ Այս միջոցառումը նոր էջ մը կը բանայ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան պատմութեան մէջ», ըսաւ զօր. Վոն։

 Վոն նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ քննելով ապահովութեան մարզին մէջ հայ-ամերիկեան գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2022, 08:00