Որոնել

Էջմիածին Էջմիածին 

Յուղարկաւորութեան եկեղեցական կարգ` Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած 9 զինուորներու

Արարողութեան աւարտին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր խօսքը ուղղեց նահատակ քաջորդիներու սգակիր ընտանիքներուն եւ ներկաներուն:

2 դեկտեմբերին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած եւ մէկ տարի ետք Հայաստանին վերադարձուած 9 զինուորներու յուղարկաւորութեան եկեղեցական կարգը:

Արարողութեան աւարտին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր խօսքը ուղղեց նահատակ քաջորդիներու սգակիր ընտանիքներուն եւ ներկաներուն: Վեհափառ հայրապետը մասնաւորաբար նշեց.

«Այսօր հաւաքուած ենք Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ` դէպի յաւերժութիւն ճանապարհելու հայրենիքի համար նահատակուած մեր քաջազուն որդիները: Մեր խիզախ զինուորներու նուիրական մասունքներուն առջեւ կը խոնարհինք անոնց լուսաւոր յիշատակին, կը յիշենք անոնց արիութիւնն ու սխրանքները: Հրաժեշտի այս պահուն կը վերյիշենք արցախեան պատերազմի ողբերգական իրադարձութիւնները, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեզ պատուհասած աղէտներն ու արհաւիրքները, կը գօտեպնդուինք փորձութիւններուն դէմ դնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն զօրեղ կամքով, աննկուն տոկունութեամբ եւ վճռականութեամբ:

Պատերազմէն աւելի քան մէկ տարի անց, չսպիացած վէրքերը մեր սրտերուն մէջ, կը խոնարհինք մեր ազգին արժանաւոր որդիներ պարգեւած, սնուցած եւ դաստիարակած ծնողներուն առջեւ: Ս. Հոգիի մխիթարութիւնը կը խնդրենք պատերազմին ծնող, ամուսին, զաւակ կամ հարազատ կորսնցուցած սգացեալ ընտանիքներուն, որոնք անասելի ցաւ կրեցին, ցաւ ու կորուստ, որ բոլորինս է:

… Մենք ամէնքս պարտք ունինք մեր նահատակ հերոսներուն նկատմամբ, որոնք, համաձայն պատմահայր Խորենացիի խօսքերուն, «մահկանացու ծնելով անմահ յիշատակ ձգեցին»: Մենք ամէնքս պարտք ունինք անոնց անմահ յիշատակին առջեւ` իրագործելու անոնց երազները, ապահով, շէն ու բարօր դարձնելու Հայաստան եւ Արցախ հայրենի մեր երկիրը, որուն պաշտպանութեան համար անոնք իրենց կեանքը ընծայեցին»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2021, 09:11