Զախարովա Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր ղեկավարներու հանդիպումը կը նկատէ «Եզակի ձեւաչափ»
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումը յաւելեալ կարեւոր ձեւաչափ մըն է խնդիրներու յաղթահարման եւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նման կարծիք յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Այս հանդիպումը առաջինը չէր, կրօնական ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութիւնները տասնամեակներ շարունակ կը պահպանուին: Անոնք կ՛առանձնանան վստահութեան բարձր մթնոլորտով», ըսած է Զախարովա:
Անոր համաձայն, 13 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը պիտի նպաստէ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Անդրկովկասի մէջ ընդհանուր կացութեան առողջացման, ներառեալ վստահութեան ամրապնդումը, մարդասիրական խնդիրներու լուծումը, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կոթողներու պահպանումը:
Ան նշած է, որ ասիկա եզակի ձեւաչափ է, որ կը նպաստէ կողմերուն միջեւ փոխադարձ ըմբռնման խորացման եւ միջկրօնական երկխօսութեան յառաջ մղման:
Յիշեցնենք, որ 12 հոկտեմբերին Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը հանդիպում ունեցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ: 13 հոկտեմբերին տեղի ունեցած էր հոգեւոր պետերու եռակողմ հանդիպումը:
Աղբիւրը` «Ազդակ»