Եւս հինգ ռազմագերիներ վերադարձան Հայաստան։
Վերադարձուած քաղաքացիներն են` Ամբարդանեան Մելս Կարապետի, Կարապետեան Ռաֆիկ Ռոբերտի, Մանուկեան Ժորա Վանոյի, Մանուկեան Յովսէփ Ռոբերտի եւ Սողոմոնեան Սեդրակ Սամուէլի:
Երէկ` 19 հոկտեմբերի երեկոյեան Ազրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի հինգ քաղաքացիներ: Գերիներու վերադարձը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:
Վերադարձուած քաղաքացիներն են` Մելս Ամբարդանեան, Ռաֆիկ Կարապետեան, Ժորա Մանուկեան, Յովսէփ Մանուկեան եւ Սեդրակ Սողոմոնեան:
20/10/2021, 09:00