Որոնել

Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքը դատապարտեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը խանգարելու քայլերը

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիները մեծ վստահութեամբ իրենց հայեացքները կ՛ուղղեն նորակազմ կառավարութեան, որպէսզի ան մեղմացնէ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ լուծումներ ապահովէ անոնց դէմ ծառացող առօրեայ հարցերուն, ինչպէս նաեւ մեկնարկը կատարէ տնտեսական բարեկարգումներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի իւրայատկութիւնը անոր կրօնական եւ մշակութային բազմազանութեան մէջ կը կայանայ` աւելցնելով, որ այդ ճշմարտութիւնը յստակօրէն նշուած է նաեւ Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիները մեծ վստահութեամբ իրենց հայեացքները կ՛ուղղեն նորակազմ կառավարութեան, որպէսզի ան մեղմացնէ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ լուծումներ ապահովէ անոնց դէմ ծառացող առօրեայ հարցերուն, ինչպէս նաեւ մեկնարկը կատարէ տնտեսական բարեկարգումներուն:

«Կառավարութիւնը պէտք է աշխատանքի մղէ պետական հաստատութիւններն ու կառոյցները, որպէսզի անոնք կատարեն իրենց պարտականութիւնները, որովհետեւ կատարուած իրողութիւնը կը սպառնայ Լիբանանի միասնականութեան եւ ազգային համագործակցութեան տարազին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Փարիզ կատարած այցելութեան եւ բարձր գնահատեց Լիբանանին զօրակցելու իմաստով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կեցուածքը:

Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ դպրոցական եւ համալսարանական կրթութեան բնականոնացումը` ընդգծելով, որ 2021-2022 կրթական տարեշրջանը պէտք է երաշխաւորուի, ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները:

Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` շեշտելով, որ պայթումին հետաքննութիւնը խանգարելու քայլերը կտրականապէս մերժելի են: «Կը պահանջենք բացայայտել ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք երկու չափ երկու կշիռի մօտեցում չցուցաբերելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարով մեղադրուածներն ու յանցագործները դատավարութեան կանչելու առումով», ըսաւ ան:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2021, 08:35