Որոնել

Խորհրդարանը 85 քուէով վստահութիւն շնորհեց Միքաթիի կառավարութեան Խորհրդարանը 85 քուէով վստահութիւն շնորհեց Միքաթիի կառավարութեան 

Լիբանանի Խորհրդարանը 85 քուէով վստահութիւն շնորհեց Միքաթիի կառավարութեան

Խորհրդարանը գումարեց զոյգ նիստեր` ցերեկային եւ գիշերային: Գիշերային նիստին աւարտէն ետք ներկայ 100 երեսփոխաններէն 85-ը իրենց վստահութեան քուէն շնորհեցին Միքաթիի կառավարութեան, իսկ մնացեալ 15-ը` մերժեցին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ  նախագահեց կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին երեսփոխանական տարբեր պլոքներու անդամներ անդրադարձան Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական, ելեւմտական ու ընկերային իրադարձութիւններուն եւ ըստ այնմ յայտարարեցին իրենց կեցուածքը` վստահութեան քուէ շնորհելու կամ չշնորհելու մասին:

Խորհրդարանը գումարեց զոյգ նիստեր` ցերեկային եւ գիշերային: Գիշերային նիստին աւարտէն ետք ներկայ 100 երեսփոխաններէն 85-ը իրենց վստահութեան քուէն շնորհեցին Միքաթիի կառավարութեան, իսկ մնացեալ 15-ը` մերժեցին:

Նախքան երեսփոխաններուն կեցուածքները լսելը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` նորակազմ կառավարութեան ներկայութեան, «Միասնաբար դէպի փրկութիւն» կարգախօսին ներքեւ գործելիք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ներկայացուց:

Միքաթի յայտնեց, որ խօսքերը պիտի չկարենան լուծել լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի ուղղուի գործելու, որպէսզի կարենայ երկիրը իր մթութենէն դուրս բերէ:

«Կառավարութիւնը վստահութեան քուէ կը խնդրէ այնպիսի կացութեան մէջ, երբ առկայ հարցերն ու տագնապները լուծելու համար արտակարգ մօտեցումներու կարիք կայ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ այն սկզբունքներուն, որոնց կառավարութիւնը կառչած պիտի մնայ, ինչպէս` երկրին սահմանադրութեան, Ազգային ուխտին եւ միջազգային ուխտերուն, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն զօրակցելու, միջազգային ընտանիքէն մնայուն կերպով խնդրելու ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ Լիբանանի դէմ իր ոտնձգութիւնները, լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն բացարձակ զօրակցելու եւ աջակցելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին դիմադրելու լիբանանցիներուն իրաւունքը պաշտպանելու:

«Կառավարութիւնը կը հաստատէ, որ իր նպատակն է պաշտպանել բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք 17 հոկտեմբեր 2019-ին ապստամբութիւն մը կազմակերպեցին` պահանջելով արժանապատիւ եւ ազատ կեանք, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներ, որոնց գործադրութիւնը հիմնական կարիքի վերածուած է», ըսաւ Միքաթի:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր կը մնայ 4 օգոստոսի աղէտալի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու եւ անոր դրդապատճառները բացայայտելու` հաստատելով, որ կառավարութիւնը խորհրդարանին հետ պիտի գործակցի` Լիբանանի փրկութեան միացեալ նպատակը իրականացնելու համար:

Միքաթի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնաբար գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը դարձեալ ոտքի կանգնեցնել եւ ներդրումներու իմաստով երկրին գրաւչութիւնը վերականգնել:

Աղբիւրը «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2021, 07:09