Որոնել

Արցախի ազգային ժողովի շէնքը Արցախի ազգային ժողովի շէնքը 

Յատուկ նիստ` Արցախի հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով

Անկախութեան հռչակագիրը բարի աւետիսի պէս Արցախի բարձունքներէն տարածուեցաւ եւ մտաւ ամէն հայու տուն: Անկախութիւնը միայն հռչակագիր չէ, միայն Սահմանադրութիւն չէ: Այս երկուքն ալ անհրաժեշտ են, բայց անիկա նախ եւ առաջ անկախ ապրելու արժանապատուութիւն է։

Երէկ` չորեքշաբթի, 1 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հրաւիրեց յատուկ նիստի` նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 30-ամեակին:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի հրաւէրով, այս նիստին մասնակցեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Արցախի կառավարութեան անդամներ, հրաւիրեալներ:

Յատուկ նիստին բացումը կատարուեցաւ Արցախի քայլերգով, որմէ ետք զեկուցումով հանդէս եկաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան: Խօսելով արցախահայութեան պայքարին մասին` ան յոյս յայտնեց, որ անկախութեան հռչակման հետագայ յոբելեանները մենք եւ մեր սերունդները կը տօնենք արժանապատիւ կերպով եւ խաղաղած հոգիով:

Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան: «Անկախութեան հռչակագիրը բարի աւետիսի պէս Արցախի բարձունքներէն տարածուեցաւ եւ մտաւ ամէն հայու տուն: Անկախութիւնը միայն հռչակագիր չէ, միայն Սահմանադրութիւն չէ: Այս երկուքն  ալ անհրաժեշտ են, բայց անիկա նախ եւ առաջ անկախ ապրելու արժանապատուութիւն է», շեշտեց Արցախի թեմի առաջնորդը` համայն հայութեան կոչ ուղղելով` զօրավիգ կանգնելու Արցախի ժողովուրդին, նպաստելու անոր հզօրացման:

Խօսք առաւ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ նշեց, թէ անհրաժեշտ է ուժեղացնել, զօրացնել Արցախի Հանրապետութիւնը, ինչ որ նաեւ կը նշանակէ մայր Հայաստանի հզօրացում եւ զարգացում. «Այս պահու դրութեամբ մեր առջեւ կանգնած են բազում դժուարութիւններ, մարտահրաւէրները շատ լուրջ են, բայց կան նաեւ կարելիութիւններ պահպանելու Արցախը: Ուրեմն պէտք է, որ արցախապահպանութիւնը եւ արցախակեդրոնացումը ըլլան Հայաստանի եւ սփիւռքի հասարակական-քաղաքական կեանքին առանցքային հիմքերէն»:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը տօնելը, յատկապէս անցած 44-օրեայ պատերազմէն ետք: «Ասիկա նախ եւ առաջ ուղերձ է դրացի, թշնամի Ազրպէյճանին, որ հայու կամքը անկոտրում է եւ անկախ վերիվայրումներէ, յարաբերական առաւելութիւններէ կամ վայրէջքներէ, վերելքներէ, մեր ժողովուրդը միշտ կրնայ ինքզինք վերագտնել, համախմբուիլ եւ յաղթահարել որեւէ փորձութիւն», շեշտեց Արմէն Ռուստամեան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան համոզմունք յայտնեց, որ Արցախն է այն ամուր շաղախը, որ անքակտելիօրէն կը միացնէ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: «Արցախի մէջ վճռուած է ու պիտի վճռուի մեր ժողովուրդին` իբրեւ պետականութեան կրող արժանապատիւ ազգի ապագան: Արցախի հետ ենք: Մեր ուժերու ներածին չափով որեւէ ջանք ու եռանդ պիտի չխնայենք բոլոր հարթակներուն վրայ յառաջ մղելու Արցախի անվտանգային խնդիրներու լուծման հարցերը, որոնք ի վերջոյ պէտք է պսակուին արցախեան տագնապի հայանպաստ լուծումով` Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման միջազգային ճանաչումով, Արցախէն բռնազաւթուած տարածքներու վերադարձով եւ անկէ բխող բոլոր գործընթացներով», շեշտեց Ա. Վանեցեան:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2021, 09:00