Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը մեծ շուքով նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ
Երէկ` կիրակի, 12 սեպտեմբեր 2021-ին, հայ եկեղեցին նշեց հինգ տաղաւար տօներէն վերջինը եւ Տէրունի Խաչին նուիրուած տօներէն երկրորդը հանդիսացող Վերացման սուրբ խաչի տօնը: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ Վերացման Ս. խաչի տօնին:
Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան:
Սրբազան հայրը իբրեւ բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալի հետեւեալ տողերը. «Միայն մենք մեր մասին չմտածենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր շուրջ եղողներով պէտք է հետաքրքրուի` անոնց բարիքը խորհելով, անոնց հաւատքը ամրապնդելու համար» (Հռ 15.1-2): Խօսելով օրուան խորհուրդին մասին` ան մատնանշեց, թէ տօնը իր մէջ կը խտացնէ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսով ու անոր Ս. խաչին նշանով յաղթելու, վերականգնելու, ցնծալու եւ յոյսով զօրացած յարատեւելու ու պայքարելու աստուածային ճշմարտութիւնները: Սրբազանը ընդգծեց անձնուրացութեան, հաւաքական բարիքներուն համար տագնապելու, զոհողութեան եւ երկնային սիրոյ հետամուտ ըլլալու գաղափարները: Այս առիթով ան յիշեցուց, թէ «մեր Տէրը խաչափայտին ճամբով ուրիշներուն մասին մտածելը, այլ խօսքով` ուրիշներուն ծառայելը իբրեւ մեծագոյն չափանիշ ընտրեց եւ հաստատեց: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Յիսուսի հետեւիլ եւ Անոր նմանիլ, նո՛յն ուղին պէտք է ընտրեն եւ նո՛յնը պէտք է կատարեն»:
Աւարտին ան աղօթք բարձրացուց առ Ամենակալն Աստուած եւ շարականագիրին բառերով զօրութիւն, բժշկութիւն եւ խաղաղութիւն խնդրեց աշխարհին համար:
Աղբիւրը` «Ազդակ»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ