Որոնել

Հալէպի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին Հալէպի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին 

Հալէպի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին պիտի Վերանորոգուի

Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ծանր վնասներու ենթարկուած էր Սուրիա գրոհած եւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մօտեցած ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռարձակումներուն հետեւանքով։

Հալէպի մէջ շուտով պիտի սկսին Հալէպի Հայ առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները,կը  հաղորդէ «Գանձասար»ը։

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ծանր վնասներու ենթարկուած էր Սուրիա գրոհած եւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մօտեցած ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռարձակումներուն հետեւանքով։
 Ստորեւ՝ «Գանձասար»ի լրատուութիւնը. 

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի գլխաւորութեամբ, Ազգային վարչութեան հետապնդումով եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին նուիրատուութեամբ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացք պիտի առնէ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ հրկիզուած Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները։
 Առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ա-
տենապետ Ճորճ Շահինեանի, առաջնորդի օգնական Մա-
նուկ աբղյ. Պարիխանեանի եւ Կալուածոց հոգաբարձութեան ատենապետ 
Կարպիս Մարաշլեանի՝ այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցի, մօտէն հետաքրքրուեցաւ յառաջիկայ շրջանին կատարուելիք նորոգութեան հանգրուաններուն, գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ վերանորոգութեան ծրագիրին մասին եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան 
թեմի առաջնորդին եւ նուիրատուներուն, որոնք ստանձնեցին հրոյ ճարակ դարձած Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը։

Աղբիւրը` «Ասպարէզ» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2021, 09:29