Որոնել

Յարձակում՝ Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ վրայ Յարձակում՝ Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ վրայ 

Յարձակում՝ Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ վրայ

Շնորհք Ա․ քհնյ Տէմիրճեան եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը դէպքին մասին անմիջապէս տեղեկացուցին Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան, որ միջադէպը իբրեւ «վանտալութիւն» կը հետաքննէ: Նոյն ժամանակ, քայլեր կ՛առնուին եկեղեցւոյ ապահովութիւնը ամրապնդելու համար։

Սան Ֆերնանտօ հովիտի Վեն Նայս քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Պետրոս եկեղեցին 22էն 23 Սեպտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին թիրախ դարձաւ անծանօթի մը կողմէ վայրագ յարձակումի մը, որուն պատճառով վնասուեցան եկեղեցւոյ արժէքաւոր 8 երփնապակիները: Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած։

«Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ Հինգշաբթի օր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա․ քհնյ Տէմիրճեան տեղեկացուց, թէ ապահովութեան տեսախցիկներու արձանագրութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ յարձակումը կատարուած է Հինգշաբթի կանուխ ժամերուն, եւ սեւազգեստ ենթական, գլխարկ մը գլխուն, սկսած է պէյսպոլի մահակով մէկ առ մէկ կոտրել երփնապակիները:

Շնորհք Ա․ քհնյ Տէմիրճեան եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը դէպքին մասին անմիջապէս տեղեկացուցին Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան, որ միջադէպը իբրեւ «վանտալութիւն» կը հետաքննէ: Նոյն ժամանակ, քայլեր կ՛առնուին եկեղեցւոյ ապահովութիւնը ամրապնդելու համար։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի օր խստօրէն դատապարտեց յարձակումը։ «Կոչ կ՛ընենք Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան, որ արագ եւ ամբողջական հետաքննութեամբ մը բացայայտէ եւ պատժէ այս յարձակումին պատասխանատուները», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան՝ յիշեցնելով, որ տարի մը առաջ յարձակում մը կատարուած էր նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն վրայ։

Աղբիւրը` «Ասպարէզ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2021, 09:00