Որոնել

Սիմոն Մարտիրոսեան Սիմոն Մարտիրոսեան 

Արթուր Ալեքսանեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան արծաթէ մետալներ շահեցան

.

ԹՈՔԻՕ․- Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան (97 քլկ․) 3 Օգոստոսին արծաթէ մետալ նուաճեց Թոքիոյի մէջ ընթացող 32րդ Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն:

Արթուր Ալեքսանեան
Արթուր Ալեքսանեան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի իր աւարտական գօտեմարտին, Ալեքսանեան զիջեցաւ Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէի հաւաքականէն Մուսա Եոլոեւին՝ 1-5 արդիւնքով:

Նշենք, որ կիսաւարտականի մրցումին Ալեքսանեան ազդրի մկանային վնասուածք ստացած էր:

Նոյն օրը, ծանրամարտի տղամարդոց 109 քլկ․ դասակարգի Հայաստանի ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ արծաթէ մետալակիր։ Ան պոկում վարժութեան մէջ 195 քլկ․ բարձրացուց, արձանագրելով ողիմպիական նոր մրցանիշ։ Պոկում վարժութենէն ետք, Մարտիրոսեանը առաջատարն էր։ Սակայն հրում վարժութեան մէջ ան միայն 228 քլկ․ բարձրացնելով եւ ընդհանուր արդիւնքը 423 քլկ․ի հասցնելով՝ գրաւեց երկրորդ դիրքը։

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 77 քլկ. դասակարգի պրոնզէ մետալի մրցումին, Կարապետ Չալեան 1-4 արդիւնքով պարտուեցաւ ատրպէյճանցի Ռաֆիք Հուսէյնովէն:

Նոյն մարզաձեւի 67 քլկ․ դասակարգի մրցումներուն, Կարէն Ասլանեան յաղթեց հունգարացի մարզիկին, սակայն երկրորդ մրցումին 5-7 արդիւնքով պարտուեցաւ եգիպտացի մարզիկէն:

Բռնցքամարտի մրցումներուն, Յովհաննէս Պաչքով (63 քլկ․) հասաւ կիսաւարտականին, 5-0 յաղթանակ մը արձանագրելով Իւզպեքիստանի ներկայացուցիչին դէմ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 08:00