Որոնել

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբեն Վարդանեան «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբեն Վարդանեան 

«Աւրորա»ն կ՝ամրապնդէ իր ներկայութիւնը Արցախի մէջ։

«ԱՒՐՈՐԱՆ՝ Արցախին» ծրագիրին միջոցով «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կ՝օգնէ Արցախի ժողովուրդին, որ 2020-ի Արցախեան պատերազմէն ետք յայտնուած է մարդասիրական ծանր ճգնաժամի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ ընդլայնել «ԱՒՐՈՐԱՆ՝ Արցախին» ծրագիրը եւ հանդէս եկած է նախագիծերու յայտերու ընդունման եւս մէկ կոչով: Այսօր, երբ կը նշուի Մարդասիրութեան համաշխարհային օրը, «Աւրորա»ն ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ գրասենեակ բացած է Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ՝ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու տեղւոյն վրայ «Աւրորա»ի մարդասիրական գործունէութիւնը, ամրապնդելու տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութիւնը եւ նպաստելու Արցախի դիրքերու ամրապնդման միջազգային ասպարէզի մէջ։

«ԱՒՐՈՐԱՆ՝ Արցախին» ծրագիրին միջոցով «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կ՝օգնէ Արցախի ժողովուրդին, որ 2020-ի Արցախեան պատերազմէն ետք յայտնուած է մարդասիրական ծանր ճգնաժամի մէջ: Ծրագիրը, որ սկիզբը ուղղուած էր պատերազմէն տուժած մարդոց հրատապ օժանդակութիւն տրամադրելուն, այսօր կ՝աջակցի նախագծերու, որոնք կը խթանեն տարածաշրջանի սոցիալական երկարաժամկէտ զարգացման: Այս բնագաւառին մէջ աշխատող եւ տեղւոյն վրայ օգնութեան կարիք ունեցող ցանկացած կազմակերպութիւն կրնայ յայտ ներկայացնել:

Արցախի մարդասիրական օգնութեան ծրագրի մեկնարկէն ի վեր «Աւրորա»ն աւելի քան 900.000.000 ՀՀ դրամ (1․740․000 ԱՄՆ տոլար) յատկացուցած է՝ աջակցելու տեղական ու միջազգային 55 գործընկերոջ կողմէ իրականացուող 80 նախագիծի, ինչպէս՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախի ժողովուրդին: Աւելի քան 130․000 մարդ արդէն իսկ օգտուած է այդ նախագիծերէն: «ԱՒՐՈՐԱՆ՝ Արցախին» ծրագիրը նաեւ կը ներառէ աշխարհի առաջատար մարդասէրները տարածաշրջան հրաւիրելը․ 2020-ի պատերազմէն ետք Արցախ այցելած են եզտի activist Միրզա Տինային եւ «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հիմնադիր Պեռնարդ Քուշները՝ տեղացիներուն օգնելու նոր հնարաւորութիւններ եւ արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու նպատակով:

Նիւթական աջակցութեան կարիք ունեցող կազմակերպութիւնները կրնան դիմել  «ԱՒՐՈՐԱՆ՝ Արցախին» ծրագիրին․ յայտերը կ՝ընդունուին առցանց մինչեւ 2021-ի Օգոստոս 31: Լրացուած դիմումաձեւը (հայերէն կամ անգլերէն) անհրաժեշտ է ուղարկել n.aghabalyan@auroraprize.com ել. հասցէին։ Գործընկերները պէտք է բաւարարեն վերը նշուած չափանիշները:

Աղբիւրը` auroraprize.com

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2021, 16:05